Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցին Կ՛ենթարկուի Բռնարարքի
By adminx - Fri Sep 14, 7:16 am
- 0 Comments
- 495 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ շարք մը այլ եկեղեցիներու շարքին, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցին ենթարկուեցաւ բռնարարքի եւ գողութեան:
Անծանօթներ նախանցեալ երեկոյեան խուժած էին եկեղեցի, քանդած Սրբուհի Ռիթայի արձանը եւ պատռած Աստուածամօր, սուրբերու եւ վերջին ընթրիքին սրբապատկերները:
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան նշեց, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ առաւօտեան ժամը 8:00-ին պատարագ կը մատուցեն, սակայն երէկ անակնկալի մատնուած են, երբ եկեղեցին գտած են այդ վիճակին մէջ:
Հայր Լուիսեան նշեց, որ եկեղեցւոյ մէջ նկատած են, թէ Աստուածամօր սրբապատկերը եւ այլ սրբապատկերներ պատռուած են, Սրբուհի Ռիթայի արձանը քանդուած է, եկեղեցւոյ գանձանակին լումաները չկան եւ նոյնիսկ քահանաներուն զգեստները պատռտուած են:
Հայր Լուիսեան նաեւ յայտնեց, որ կարելի է նախատեսել, որ այդ արարքը ուղղակիօրէն կապ ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան հետ, «ինչպէս նաեւ կրնայ կապ ունենալ Ս. Խաչի տօնին հետ եւ կրնայ ուղղակի սպառնալիք նկատուիլ` ծայրայեղներու կողմէ», աւելցուց ան:
- 0 Comments
- 495 views
- Tweet
Email
Print



