Tuesday May 21, 2013

50 Տարի Առաջ ( 14 Սեպտեմբեր 1962 )

By adminx - Fri Sep 14, 5:31 am

Խմբագրական

Հնամաշ Յանկերգ

Անգամ մը եւս Խրուշչեւ որոտաց: Շանթ ու բոց արձակեց Մ. Նահանգներու դէմ` շողացնելով իր հրթիռներու սպառնալիքը:

Քանի մը տարի առաջ նման լեզու մը եւ բուռն արտայայտութիւններ անպայման որ պիտի ազդէին միջազգային հանրային կարծիքին վրայ: Հիմա, սակայն, մարդիկ վարժուած են Քրեմլինի գոռում-գոչումներուն եւ սառնասրտութեամբ կը դիմաւորեն զանոնք, չըսելու համար` անտարբերութեամբ:

Այս հակազդեցութեան նախատիպարը տուաւ Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, երբ ԹԱՍՍ-ի հաղորդագրութեան հրատարակման օրն իսկ պաշտօնապէս յայտարարեց.

«Ամերիկա մեծ երկիր մըն է, ոեւէ մէկէն վախ չունինք եւ մեր ուզածին պէս կը գործենք»:

Կարճ ու յստակ: Շառաչո՛ւն:

Խորհրդային սպառնալիքներուն հանդէպ ամերիկեան այս սառնասրտութեան եւ ինքնավստահութեան առաջին փաստը տուած էր նախագահ Այզընհաուըր, հինգ տարի առաջ, երբ, առանց նոյնիսկ բանալու եւ կարդալու, ետ ղրկած էր  Խրուշչեւին նամակը, որմէ ԹԱՍՍ նախապէս հատուածներ հրատարակած էր,  գրուած` սանձարձակ յանձնապաստանութեամբ մը:

Բայց Քրեմլին վարժուած է նման վերաբերումի եւ շատ վարպետօրէն գիտէ առագաստները ծալել, ամէն անգամ որ փոթորիկի մը սարսափը կ՛ուրուագծուի հորիզոնին վրայ:

Այս անգամ, պատրուակը Քուպան է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը մամլոյ իր վերջին ասուլիսին յստակօրէն յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթըն թոյլ պիտի չտայ Քասթրոյի կողմէ որեւէ նախայարձակում ամերիկեան ցամաքամասին դէմ: Ամերիկեան ցամաքամաս ըսելով` նախագահը նկատի կ՛ունենայ անշուշտ զոյգ Ամերիկաները, յատկապէս` Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաները, ուր Քասթրօ կը ջանայ հող գտնել` Միացեալ Նահանգներու դէմ խաչակրութիւն մը կազմակերպելով:

Նոյն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քենետի շեշտած էր, թէ շատ ծանր կացութիւն մը պիտի ստեղծուի, եթէ Քուպայի մէջ հաստատուին խորհրդային անթելավար հրթիռներու կայաններ, աւելցնելով, որ խորհրդային զինեալ ուժերու Քուպայի մէջ ներկայութիւնը հաստատող տուեալներ չունի:

Քուպայի եւ անոր գլխուն վրայէն` Խորհրդային Միութեան ուղղուած այս կտրուկ ազդարարութիւնը անշուշտ ցնցած պիտի ըլլայ Քրեմլինը, որ փութաց դիմելու իր սովորական զէնքին` սպառնալով պատերազմի մէջ մխրճել աշխարհը, եթէ… Ամերիկա յարձակի Քուպայի վրայ:

Քրեմլին շատ լաւ գիտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, խորապէս մտահոգ ըլլալով հանդերձ Քասթրոյի վարչակարգին ստեղծած վտանգէն, զանազան պատճառներով չի կրնար յարձակիլ Քուպայի վրայ: Նման յարձակում մը անմիջապէս Միացեալ Նահանգներու դէմ պիտի հանէր համաշխարհային հանրային կարծիքը: Ընդհակառակն, Ուաշինկթընի շահը կը պահանջէ, որ հարցը հասուննայ եւ Քասթրոյի վարչակարգը դիմէ իր անխուսափելի վախճանին: Միացեալ Նահանգները առ այժմ այդ հասունացումը փութացնելու միջոցներ միայն կրնան ձեռք առնել` համախորհուրդ միջամերիկեան կազմակերպութեան, որ Փունթա Տել Էսթէի ժողովին բացայայտօրէն դատապարտեց Քասթրոյի վարչակարգը, բայց չքաջալերեց Ուաշինկթընը` արմատական միջոցներու դիմելու:

Արդ, Քրեմլին գիտնալով հանդերձ, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի չկրնան յարձակիլ Քուպայի վրայ, երբ կ՛ուզէ այնպէս ձեւացնել, որ Ամերիկա նախայարձակում կը պատրաստէ կղզիին դէմ եւ զայն զգուշացնելու համար սպառնալիքներ կը տեղացնէ, շատ յստակօրէն երեւան կու գայ, թէ կը գտնուինք Մոսկուայի մէկ նոր ռազմավարութեան առջեւ, որուն նպատակն է աշխարհի ժողովուրդներուն հաւատացնել, թէ Ուաշինկթըն Քուպայի վրայ արշաւելէ հրաժարեցաւ Կարմիր բանակի հրթիռներուն վախէն:

Մոսկուա միթէ նոյն ձեւով չէ՞ր շարժած Սուէզի արշաւանքի օրերուն եւ` քանի մը տարի այնպէս հաւատացուցած, թէ անգլեւֆրանսական արշաւանքը կասեցաւ` Քրեմլինի ազդարարութեամբ: Հիմա, երբ պարզ է այլեւս, թէ այդ արշաւանքի կասեցման մէջ ի՛նչ դեր ունեցած էին Միացեալ Նահանգները (Իտընի «Յուշերը» կասկած չեն թողուր այդ մասին), Քրեմլինի այս վերջին

«ազդարարութիւն»-ն ալ կը գտնէ արժանի պատասխանը` հանրային կարծիքի քար անտարբերութեան մէջ:

Հնամաշ յանկերգները անարժէք դարձած են այլեւս:

Leave a Reply

Advertisement