Thursday Jun 20, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Fri Sep 14, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրը նպաստաւոր է գնում կատարելու: Օգտուեցէք օրուան ստեղծած առիթէն: Ձեզի յարմարող եւ պիտանի ապրանք գնեցէք: Անհրաժեշտը գնեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նպատակ ունիք անշարժ գոյք մը ունենալու, դիմեցէք այս մարզին մէջ փորձառու անձին, որպէսզի կարենաք ճիշդ ուղղութեամբ ընթանալ եւ գոհ մնալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հաստատ մնացէք ձեր որոշումին վրայ: Մի՛ ազդուիք ուրիշներուն կատարած գործերէն, թէ ինչպիսի՛ ընթացք ունին: Հետեւեցէք ձեր խղճի ձայնին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր մէկ որոշումը յաջողութիւն չունենայ, մի՛ յուսալքուիք, որդեգրեցէք երկրորդ որոշում մը: Օրը կ՛օգնէ ձեզի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրային հանդիպում մը պիտի օգնէ օրուան հաճելի ընթացքին: Ձեր ճաշակը գոհացնող անձի մը հետ պիտի կարենաք ապագայի ծրագիր մշակել:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ժամադրութիւնը պիտի ունենայ դրական արդիւնք: Պիտի ստորագրէք համաձայնագիր մը` ձեր ապագայի գործունէութիւնը հունաւորող:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր պարտքին տէրը եղէք, օրը օրին վճարեցէք փոխ առնուած գումարը: Նոր աշխատանքի փնտռտուքը կրնայ նոր ճամբայ բանալ ձեր դիմաց:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ տրտնջաք անցողակի դէպքերու համար: Մտածեցէք լաւ օրերու մասին, միշտ լաւատես տրամադրութեամբ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վախ մը ունիք ձեր սրտին մէջ, թէ ձեր կատարելիք քննութիւնը կը ձախողի: Ձեզմէ վանեցէք յոռի միտքերը, կասկածը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արուեստի վերաբերեալ ձեր ծրագիրը կրնայ յապաղում արձանագրել: Ձեզի կը մնայ համբերել` առանց մտահոգուելու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարճատեւ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք մօտակայ վայր մը: Այս տեղափոխութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր որոշումը ճիշդ է: Ականջ տուէք փորձառու անձերու կարծիքին: Ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք, որպէսզի չզղջաք սխալ որոշում տալով:

Leave a Reply

Advertisement