«Հայութիւնը, Իբրեւ Համայնք, Ոչ Մէկ Ձեւով Մասնակից Է Եւ Չի Կրնար Մասնակից Ըլլալ Եղբայրասպան Կռիւին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան
By adminx - Thu Sep 13, 3:33 pm
- 0 Comments
- 575 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպի դէպքերուն գծով «Ազդակ» կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ մեր հարցումներուն ի պատասխան հետեւեալը յայտնեց.
Հարցում.- Օտար լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հայութիւնը պետութեան կողքին Ազատ բանակի դէմ կը կռուի: Ճի՞շդ են այդ լուրերը եւ ինչ է հայութեան կեցուածքը առհասարակ:
Պ.- Այդ լուրերը բացարձակ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Հայութիւնը, իբրեւ համայնք, դէմ է եղբայրասպան կռիւի եւ ոչ մէկ ձեւով մասնակից չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Մեր մտահոգութիւնը մեր ընտանիքներու ապահովութիւնը, մեր տուներու եւ հաստատութիւններու անվտանգութիւնն է: Այս մեր համայնքի պաշտօնական կեցուածքն է: Որեւէ այլ տեղեկատուութիւն իրականութեան չի համապատասխաներ:
Հարցում.- Ըստ լուրերու վերջին օրերուն հայկական թաղամասեր, Նոր Գիւղ, Սիւլէմանիէ եւայլն, կռիւներու թատերաբեմ դարձած են. նաեւ զոհեր արձանագրուած են օդակայանի ճամբուն վրայ: Ի՞նչ է իրավիճակը այս պահուն:
Պ.- Այս պահուն վիճակը լաւ չէ. Նոր Գիւղ եւ Սուլէմանիէ թաղերուն մէջ կան բախումներ: Ժողովուրդը ապահովական նկատառումով տուները կը լքէ եւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր կ՛ապաստանի: Բնականաբար, գաղութի ղեկավարութիւնը իր պատասխանատուութեան վրայ է եւ ժողովուրդին տէր կանգնելու ճիգին մէջ:
- 0 Comments
- 575 views
- Tweet
Email
Print




