Երեւանէն Հալէպ Վերադարձած 4 Հայ Ճամբորդներ Սպաննուած Են Եւ 13 Ուրիշներ Վիրաւորուած
By adminx - Thu Sep 13, 7:51 am
- 0 Comments
- 486 views
- Tweet
Email
Print
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ին յայտնեց, որ Սուրիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան` «Սիրիըն Էրլայնզ»-ի օդանաւով Երեւանէն Հալէպ վերադարձող 4 հայեր սպաննուած են եւ 13 ուրիշներ վիրաւորուած:
Անոնք ապահովութեան համար 10 ինքնաշարժով օդակայանէն ճամբայ ելած են, սակայն ճամբուն վրայ իրենց ինքնաշարժները հրացանաձգութեան թիրախ դարձած են. սպաննուած են Մեսրոպ Աճեմեան, Յարութ Սուլավճեան, Հրաչ Պեպեճեան եւ Արսէն Պեպեճեան: Վերջինս ճամբորդ չէր, այլ օդակայան մեկնած էր դիմաւորելու համար Հրաչ Պեպեճեանը:
13 հայ վիրաւորները տարբեր վէրքեր ստացած են: Անոնցմէ երկուքը անմիջապէս տուն վերադարձած են, իսկ մնացեալը դարմանումի համար տակաւին կը գտնուին հիւանդանոց:
- 0 Comments
- 486 views
- Tweet
Email
Print



