Friday May 24, 2013

Նախագահ Սարգսեան Կը Քննադատէ Սաֆարովի Հարցին Առնչութեամբ Անհամարժէք Արձագանգները

By adminx - Thu Sep 13, 7:48 am

Լեֆոր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ վիճակին, ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման պատճառով յառաջացած իրավիճակին եւ այդ առիթով միջազգային հանրութեան արձագանգներուն:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բազմաթիւ երկիրներու, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին` եւրոպական շարք մը կառոյցներու կողմէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման եւ հերոսացման ուղղութեամբ քայլերը միանշանակ եւ խստօրէն դատապարտող յայտարարութիւններուն համար: Նախագահ Սարգսեան անընդունելի եւ անհասկնալի նկատեց որոշ իբր թէ «հաւասարակշիռ», իսկ էութեան մէջ` զարհուրելի այդ արարքին բոլորովին անհամարժէք արձագանգները: Ազրպէյճանի իշխանութիններուն կողմէ մարդասպանի հերոսացումը, ըստ նախագահ Սարգսեանի, արժանի է անվերապահ դատապարտման յատկապէս Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն կողմէ:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը նշեց, որ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք պիտի մեկնի Պաքու եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վերոյիշեալ քայլին առնչութեամբ կ՛ակնկալէ պարզաբանումներ ստանայ անոնցմէ:

Ֆիլիփ Լեֆոր ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան վնասող այսպիսի քայլը եւ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն:

Leave a Reply

Advertisement