Էրտողան Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացումը Դարձեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Կը Կապէ
By adminx - Thu Sep 13, 7:44 am
- 0 Comments
- 69 views
- Tweet
Email
Print
«ՍալամՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հայերուն կոչ ուղղած է դուրս գալու «գրաւեալ տարածքներէն»:
Ըստ կայքէջին, Ազրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան նաեւ պայմաններ ճշդած է ըսելով, որ «մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներ չգտնուին, մինչեւ մէկ կամ երկու շրջաններու վերադարձի հարցը չլուծուի, Հայաստանի հետ սահմանի բացման մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ»:
Էրտողան աւելցուցած է, որ իրենք ատիկա պիտի ըսեն, այնքան ատեն որ իշխանութիւն ունին»: «Մենք` իբրեւ շահագրգիռ կողմ, միշտ Ազրպէյճանի կողքին պիտի ըլլանք», վստահեցուցած է ան:
Ազրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ռազմավարական համագործակցութեան հանդիպումին ծիրին մէջ նաեւ Ալիեւ-Էրտողան հանդիպում կայացած է:
Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպումին ընթացքին, անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի այն դիտարկման, թէ Հայաստանը եւ Թուրքիան պէտք է յառաջ շարժին` նայելով ապագային, նշած է. «Մենք ձեզի կ՛առաջարկենք անյապաղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել եւ բանալ սահմանները (…): Պարզապէս պէտք է դրսեւորել քաղաքական կամք: Մենք այդ քաղաքական կամքը դրսեւորած ենք եւ ներկայիս ալ ձեզի կը հաստատենք, որ պատրաստ ենք այսօր իսկ մեր դրացիին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու: (…): Մենք մեր քայլը կատարած ենք, գնդակը կը գտնուի ձեր դաշտին մէջ»:
- 0 Comments
- 69 views
- Tweet
Email
Print



