Sunday May 19, 2013

Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներու Հարց. Նախարար Շարպել Դրական Տրամադրութիւններով Վերադարձաւ Թուրքիայէն

By adminx - Thu Sep 13, 7:43 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` անոր իրագործումներուն եւ առեւանգուած թուրք քաղաքացին ազատ արձակելուն առիթով:

Վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ նաեւ իշխանութեան պետերուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն յատկացուելիք աշխատավարձի յաւելումներուն` աւելցնելով, որ այդ մասին քննարկումներ պիտի կատարուին յառաջիկայ երկուշաբթի օր նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք նիստին ընթացքին:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ մանրամասն բացատրութիւն տուաւ Ժիէի եւ Զուքի ելեկտրականութեան կայաններուն կողմէ 260 մեկաուաթ յաւելեալ ելեկտրական հոսանք արտադրութեան մասին:

Կառավարութիւնը Պասիլէն պահանջեց յաւելեալ կարելիութիւններ ապահովել այդ իմաստով:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, որոնք ազատ արձակուած թուրք քաղաքացի Այտըն Թեքինի հետ առաւօտեան ուղղուած էին Թուրքիա եւ հոն ունեցած շարք մը հանդիպումներ, երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ:

Նախարար Շարպել երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն փոխանցեց Անգարայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացիներուն ազատ արձակումին:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ եւ Մոհամետ Ֆընէյշ:

Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ ինք շատ լաւատես է` աւելցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն առեւանգուած լիբանանցիներուն, որոնց մէջ նաեւ Հասսան Մըքտատի տունդարձին նպատակով:

 

Leave a Reply

Advertisement