Պըրրի. «Եթէ Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Քրիստոնէական Համախոհութիւն Գոյանայ, Ապա Ես Անոր Դէմ Չեմ Ըլլար»
By adminx - Thu Sep 13, 7:41 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ գոյանայ միացեալ կեցուածք մը, որուն շուրջ քրիստոնէական համախոհութիւն գոյանայ, ապա ինք այդ օրէնքին դէմ պիտի չըլլայ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական նախագիծերը, որոնց շրջագիծին մէջ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծը, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին ներկայացուցած առաջարկը, ինչպէս նաեւ օրէնքի այլ տարբերակներ:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ իշխանութեան այն պետերը, նախարարները եւ երեսփոխանները, որոնք իրենց ամսական աշխատավարձերուն յաւելումին կը սպասեն, պէտք է սպասեն լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի հանքերուն պեղման:
Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը Պըրրի նկատեց կարեւոր եւ պատմական` աւելցնելով, որ Լիբանան իր այցելութեամբ պապը ամբողջ շրջանը այցելած պիտի ըլլայ` ընդգծելու համար Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումը եղած է լաւ եւ դրական` աւելցնելով, որ քարիւղի հանքերուն պեղումը պէտք է ըլլայ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը:
Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտացումի թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսի իր տրամադրած տեղեկութիւններով փորձած է իրականութիւնը շեղել` նկատել տալով միաժամանակ, որ Լիպիոյ իշխանութիւններուն հետ այդ իմաստով գործակցութիւնն ու հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print



