Friday May 17, 2013

Գեղեցկագիտական. էմքի Դիմակներ

By adminx - Thu Sep 13, 5:32 am

Շատեր միջոցը չունին դէմքի սուղ ծեփուկներ գնելու, իսկ միջակ կամ վատորակ գեղեցկագիտական արտադրութիւնները չափազանց վտանգաւոր են մեր մորթին համար: Նախընտրելի է դիմել բնական միջոցներու եւ տան մէջ պատրաստել խոտաբոյսերէ, բանջարեղէններէ եւ պտուղներէ:

Հիմնական Գիտելիքներ

Ձեռքի տակ հարկաւոր է ունենալ փոքրիկ սրբիչներ, բամպակ, ապակեայ մաքուր, փոս ամաններ, փոքրիկ դգալ…

Եթէ առաջին անգամ դիմակ կը դնէք, հարկաւոր է, որ ստուգէք ձեր մաշկին զգայնութիւնը:

Սերեր եւ ծեփուկներ գործածելու պարագային անհրաժեշտ է ճանչնալ մորթին տեսակը (բնական, չոր, իւղոտ…) եւ համապատասխան ծեփուկը գործածել:

Դիմակ դնելէ առաջ պէտք է դէմքը մաքրել, շպարի ոչ մէկ հետք ձգել: Պայման է նաեւ մազերը դէպի ետ սանտրել եւ կապել` վիզն ու ճակատը բաց պահելու համար:

Ծեփուկը քսելու ժամանակ կարելի չէ վիզը զանց առնել, անիկա նոյնքան կարեւոր է եւ զգայուն, որքան` դէմքի մորթը:

Ծեփուկներու պատրաստութեան հիմնական նիւթերն են` ստեպղինը, խնձորը, նարինջը, պանանը, կիտրոնը, ծիրանը, մեղրը, կաթն ու հաւկիթը:

Այլազան Ծեփուկի Բաղադրատոմսեր

Ա.- Կիտրոնով Ծեփուկներ

Քամել կիտրոնի մը հիւթը, աւելցնել 1 թէյի դգալ  ձէթ եւ քսել դէմքին: Մատներով շրջանաձեւ շարժումներ ընելով` դէմքը մարձել, մինչեւ որ կարմրի:

Կէս ժամ ետք, երբ դիմակը լաւ ներծծուած է, դէմքը լուալ գաղջ ջուրով:

Այս դիմակը ոչ միայն սնուցող եւ թարմացնող է, այլեւ մորթին վրայի սրճագոյն արատները կ՛անհետացնէ:

Եթէ ձեր ժամանակը կ՛արտօնէ, օրական գործածեցէք այս ծեփուկը:

Եթէ ձեր մորթը իւղոտ է, մէկ կիտրոնի հիւթին աւելցուցէք հաւկիթի մը զարնուած ճերմկուցը եւ թէյի դգալ մը մեղր:

Իսկ եթէ ձեր մորթը չոր է, կէս կիտրոնի միջուկին աւելցնել զարնուած հաւկիթի դեղնուց մը եւ թէյի դգալ մը մեղր: Ծեփուկը դէմքին վրայ պահել կէս ժամ, ապա մաքրել տաք կաթով:

Հեւքոտ օրուան մը աւարտին կամ անքուն գիշերէ մը ետք գործածեցէք հետեւեալ ծեփուկը.

Խաշած գետնախնձոր մը ճզմել, աւելցնել կէս կիտրոնի հիւթ եւ գաղջ վիճակի մէջ քսել դէմքին եւ վիզին: Կէս ժամ ետք լուացուիլ պաղ ջուրով:

Բ.- Ստեպղինով Ծեփուկ

Ստեպղինով ծեփուկը թելադրելի է թորշոմած, կնճռոտ, իւղոտ մորթ ունեցողներուն:

Առէք հիւթեղ 1 կամ 2 ստեպղին, քերոցէ անցուցէք եւ ստացուած խիւսը քսեցէք ձեր դէմքին: Պահեցէք 20 վայրկեան, ապա մաքրեցէք գաղջ ջուրով:

Ձմեռը մորթը կը չորնայ եւ անհրաժեշտ է խոնաւցնել զայն, հետեւաբար վերը նշուած ծեփուկին աւելցնել նաեւ տաշուած խնձոր:

Գ.- Պանանով Ծեփուկ

Պանանով ծեփուկը իսկական «շտապ օգնութիւն» է, երբ դուք կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիք եւ շատ քիչ ժամանակ` պատրաստուելու:

Առէք հասուն պզտիկ պանան մը եւ պատառաքաղով ճզմեցէք, ապա զայն քսեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ:

Այս ծեփուկը շատ օգտակար է ձմրան եւ աշնան, երբ ամրան արեւէն ետք դէմքին մաշկը չորցած ու յոգնած է:

Դ.- Մեղրով Ծեփուկ

Մորթը թարմացնող եւ արագ պատրաստուող ծեփուկ մը:

Հաւկիթի դեղնուց մը զարկէք, աւելցուցէք թէյի դգալ մը մեղր եւ տարածեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ:

Այս ծեփուկը կը մաքրէ դէմքը եւ առողջ տեսք կու տայ մորթին:

Ե.- Գետնախնձորով Ծեփուկ

Գետնախնձոր մը խաշեցէք եւ ճզմեցէք, քիչ մը հեղուկ կաթ աւելցուցէք եւ խառնուրդը թանձր խաւով մը տարածեցէք դէմքին եւ վիզին վրայ:

Այս դիմակը շատ արագ կը վերացնէ յոգնածութիւնը եւ կը հարթէ կնճիռները:

Զ.- Ազատքեղով Ծեփուկ

Ազատքեղը օժտուած է բորբոքումները կանխարգիլելու եւ հանգստացնելու յատկութիւններով: Անիկա թելադրելի է թէ՛ չոր եւ թէ՛ իւղոտ մորթերուն:

200 կրամ լուացուած ու մաքրուած ազատքեղը մաքրեցէք եւ լեցուցէք խորունկ ամանի մը մէջ, աւելցուցէք 500 կրամ եռացած ջուր եւ բերանը գոցեցէք ու զով տեղ մը դրէք: Պաղելէն ետք այս ծեփուկը օգտագործեցէք մորթը հարթելու, թարմացնելու եւ մեռած բջիջները մաքրելու համար:

Է.- Լոլիկով Ծեփուկ

2 լոլիկ կեղուեցէք, պատառաքաղով ճզմեցէք ու քսեցէք դէմքին:

Այս ծեփուկը թելադրելի է սեւ կէտեր, ընդլայնած ծակտիկներ, տժգոյն եւ իւղոտ մորթ ունեցողներուն:

Ը.- Դդումով, Սմբուկով Ծեփուկ

Դդումը 2-3 վայրկեան ձգեցէք եռացած ջուրի մէջ, ապա հանեցէք եւ պատառաքաղով ճզմեցէք, աւելցուցէք ապուրի դգալ մը մածուն եւ քսեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին:

Նոյն ձեւով պատրաստեցէք սմբուկով ծեփուկը:

Երկու ծեփուկներն ալ կը խոնաւցնեն եւ կը հանգստացնեն բորբոքած, չոր մորթը:

Թ.- Վարունգով Ծեփուկ

Վարունգով պատրաստուած ծեփուկները կը թարմացնեն, կը հարթեն եւ կ՛երիտասարդացնեն մորթը, նաեւ կը սեղմեն ընդլայնած ծակտիկները:

Վարունգով պատրաստուած դիմակներէն ամէնէն սովորականը հիւթեղ վարունգ մը քերիչով խիւսի վերածել եւ դէմքին քսելն է:

Այլ տարբերակ մը. հաւկիթի մը ճերմկուցը զարնել, աւելցնել երկու դգալ վարունգի հիւթ, զգուշութեամբ խառնել եւ քսել թորշոմած եւ մեծ ծակտիկներով մորթին: Արդիւնքը շատ արագ եւ ազդու է:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխաներուն Սնման Հետ
Կապուած Թելադրանքներ

Դպրոցական երեխաները պէտք է որ անպայման նախաճաշ ընեն: Այլազանեցէք անոնց նախաճաշը փոխնիփոխ առաջարկելով` կաթ, պտուղի հիւթ (թարմ), պանիր, մեղր, հացահատիկ, հաւկիթ եւ այլն…

Եթէ ան ախորժակ կամ մանաւանդ ժամանակ չունի եւ կ՛աճապարէ դպրոց հասնելու, բաւարարուեցէք կէս բաժակ կաթով կամ հիւթով եւ վերը յիշուած ուտելիքներէն մէկով սենտուիչ մը պատրաստեցէք, որպէսզի ուտէ ինքնաշարժին կամ հանրաշարժին մէջ եւ կամ` առաջին զբօսանքին:

Եթէ կան երեխաներ, որոնք ընդհանրապէս կը մերժեն կաթ խմել, կարելի է կաթը փոխարինել այլ ուտելիքներով, ինչպէս` կաթնապուրը, քասթըրտը եւ այլն… Գիտենք, որ կաթը հարուստ է քալսիոմով, իսկ այս վերջինը անհրաժեշտ է երեխաներու աճման:

Երբ հնարաւոր ըլլայ, ձեր երեխային կողքին նստիք, երբ ան կը ճաշէ: Մի՛ այպանէք զայն ու մի՛ վիճիք անոր հետ, եթէ ան մերժէ ուտել այս կամ այն ուտելիքը: Ճաշի ընթացքին չէ, որ պիտի սրբագրէք անոր կարգ մը կամակորութիւնները: Ճաշի ընթացքին ծագած վէճերն ու անհամութիւնները կը թունաւորեն: Երեխան եւ կերածը կիսով անիմաստ կը դառնայ:

Եթէ ձեր երեխան ախորժակ չունի ընդհանրապէս եւ չի սիրեր ուտել, հրաւիրեցէք անոր սիրելի ընկերներէն մէկը, որպէսզի ան օրինակ առնէ ընկերոջմէ, ախորժակը բացուի եւ քիչ-քիչ վարժուի այլազան ուտելու: Անշուշտ հոս կարեւոր է ընկերոջ ընտրութիւնը:

Երեխային ոչ սիրելի կարգ մը ուտելիքներ եւ բանջարեղէններ կարելի չէ մէկ օրէն միւսը պարտադրել անոր: Մտածեցէք այդ ուտելիքները ներկայացնել տարբեր ձեւերով: Այսպէս, շոմինը, դդումը եւ այլ բանջարեղէններ կարելի է շատ մանր մանրուած եւ քիչ քանակութեամբ աւելցնել դդմաճին, կրաթենին կամ ծալիկներուն: Նաեւ ջանացէք ուտելիքները ներկայացնել ախորժելի ձեւով:

Երբեք չդիմէք ախորժակ բացող դեղերու, որպէսզի ձեր երեխան քանի մը պատառ աւելի ուտէ, այդ դեղերը աւելի ուշ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան երեխային աճման վրայ:

Մեծ եւ վնասակար զիջումներ չկատարէք եւ մնայուն ձեւով պնակ մը կերակուրը չփոխարինէք տապկուած գետնախնձորով, փիծծայով կամ սովորական սենտուիչով մը: Այսպիսով կը սահմանափակէք ձեր երեխային ճաշացուցակը, եւ ան սխալ ձեւով սնանելու վարժութիւն ձեռք կը ձգէ:

Եթէ ձեր երեխան չափազանց կ՛ուտէ կամ, ընդհակառակը, կը մերժէ ուտել, կրնայ ըլլալ, որ բան մը կ՛անհանգստացնէ զինք դպրոցը կամ տունը: Փորձեցէք պատճառը գտնել եւ հարթել անոր դժուարութիւնները:

 

Խոհագիր

Քարամելով Պրաունիզ

Բաղադրութիւն

- 1,5 գաւաթ կարագ
- 300 կրամ կէս քաղցր տուրմ
- 6 հաւկիթ
- 1,5 գաւաթ շաքար
- 2 գաւաթ ալիւր (all purpose flour)
- 2 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
- Փոշի վանիլ

Քարամելով թացան

- 1 գաւաթ անուշ խտացած կաթ (1 տուփ nestle)
- Կէս գաւաթ մանրուած ընկոյզ
- Կէս ապուրի դգալ կարագ

Պատրաստութիւն

1.- Տաքցնել փուռը 350°F/180°C= թիւ 4 ջերմութեամբ: Իւղոտել եւ ալիւրոտել 20 սմ. չափի քառակուսի ափսէ մը:
2.- Տաքցնել կարագն ու տուրմը պենմարիյով կամ մանրալիքի մէջ, մինչեւ որ հալին, ապա թեթեւ մը պաղեցնել:
3.- Զարնել շաքարը, վանիլը եւ հաւկիթները` զօրաւոր արագութեամբ, 5 վայրկեան:
4.- Աւելցնել տուրմի խառնուրդը եւ զարնել թեթեւ արագութեամբ, ապա աւելցնել ալիւրը եւ խառնել,  մինչեւ որ իրարու հետ բաղադրուին: Դնել ընկոյզը, խառնել եւ տարածել խառնուրդը ափսէին մէջ:
5.- Եփել փուռին մէջ 40-45 վայրկեան, մինչեւ որ պրաունիզը կողմերէն քաշուելու սկսի: Հանել փուռէն եւ ձգել, որ պաղի:
6.- Տարածել վրան քարամելն ու ընկոյզը:

Քարամելի պատրաստութիւն

1.- Դնել 1 տուփ խտացած կաթը` առանց կափարիչը բանալու, ճնշեփին մէջ: Լեցնել բաւարար ջուր` ծածկելու համար տուփը եւ եփել 45-50 վայրկեան:
2.- Բանալ կաթին տուփը տուփ բանալիքով: Տուփին պարունակութիւնը արդէն քարամելի վերածուած է եւ գոյնը պեժ դարձած է:
3.- Աւելցնել կարագը եւ ընկոյզը, բոլորը միասին խառնել եւ տարածել պրաունիզին վրայ:

Ծանօթ.- Կաթին տուփը եփելու տեւողութիւնը 1 – 1,5 ժամ կաթսային մէջ, իսկ ճնշեփին մէջ` 45-50 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եթէ Աշխարհը Նոյնն Էր Մնալու

Եթէ աշխարհը նոյնն էր մնալու,
Եթէ քո ջանքից
Նրա բեռը չէր թեթեւանալու,
Էլ ո՞վ էր ասում,
Որ այնքան ծանր հոգսերը նրա
Առնէիր քո թոյլ ուսերի վրայ:
Եթէ քո առաջ դուռ էր փակելու
Եւ չէր դնելու ականջը լանջիդ,
Եւ գլուխ չունէր` արձագանգելու
Ամէն մի կանչիդ.
Էլ ինչո՞ւ էիր այդքան թրթռում,
Էլ ինչո՞ւ էիր դու քեզ քրքրում,
Էլ ինչո՞ւ էիր ականջդ սրում,
Որ նրա ամէն շշուկը բռնես,
Որ նրա ամէն խորհուրդն ըմբռնես,
Նրա հետ ընկնես, նրա հետ թռնես,
Մեռնես, համբառնես…
Էլ ինչո՞ւ էիր,
Բոբիկ ոտներդ մաշում քարերին,
Փորձում անհնարն ու անկարելին,
Եթէ աշխարհը նոյնն էր մնալու,
Եւ ինչ-որ չափով
Չէին մաշուելու հոգսերը նրա:
Բայց էլի, սիրտ իմ,
Շնորհակալ եմ ես հազար անգամ,
Որ գոնէ ինքդ բեռ չմնացիր
Աշխարհի յոգնած ուսերի վրայ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Leave a Reply

Advertisement