«Մեծագոյն Շնորհակալութիւնը Կ՛ըլլայ Այն, Երբ Կը Հանդիսանաս Աշխարհի Ախոյեան» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան` Արոնեանին
By adminx - Wed Sep 12, 6:13 am
- 0 Comments
- 80 views
- Tweet
Email
Print
Անկարելի է բառերով նկարագրել, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին փոխանցած ջերմութիւնը` բոլորիս համար», յայտարարեց ճատրակի ողիմպիականի ախոյեան կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան` Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ հրաւիրուած ընդունելութեան ընթացքին:
«Արմենպրես» լրատու գործակալութեան հաղորդած լուրին մէջ Արոնեան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ կ՛ըսէ. «Մենք ամբողջ հայ ժողովուրդէն ջերմութիւն կը ստանանք: Դժբախտաբար, բառերով չեմ կրնար նկարագրել, թէ այդ մէկը ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր վրայ»:
Անոր խօսքերուն իբրեւ պատասխան նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Մարդ որքան համեստ պէտք է ըլլայ, որ այսպիսի պահերու, ուրիշներուն շնորհակալութիւն յայտնէ: Մեծագոյն շնորհակալութիւնը կ՛ըլլայ այն, երբ կը հանդիսանաս աշխարհի ախոյեան»:
- 0 Comments
- 80 views
- Tweet
Email
Print



