Ճորճ Գարակէօզեանի Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցում
By adminx - Wed Sep 12, 6:08 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012ին, յետմիջօրէին ժամը 5:00-ին, Այնճարի ֆութպոլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ-Համուտի եւ ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցաւ բարեկամական մրցում մը` ի յիշատակ` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի ֆութպոլի մարզիկ Ճորճ Գարակէօզեանի:
Այնճարի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ, մարզիկները ՀՄԸՄ-ի ակումբէն ուղղուեցան դէպի ֆութպոլի դաշտ, ուր դիմաւորուեցան Ճորճ Գարակէօզեանի հարազատներուն եւ հոծ բազմութեան կողմէ:
Բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեան, որ մեծ յուզումով յիշեց վաղամեռիկ ՀՄԸՄ-ականի արի ոգին ու տիպար մարզիկի իտէալական օրինակը:
Մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ Պուրճ-Համուտի խումբին` 1 – 0 արդիւնքով: ՀՄԸՄ Պուրճ-Համուտի ֆութպոլի խմբապետը իր շահած բաժակը նուիրեց հանգուցեալ Ճորճ Գարակէօզեանի ծնողքին, որպէսզի իրենց զաւակին ՀՄԸՄ-ականի մարզական ոգին գոյատեւէ իր ընտանիքին ու Այնճարի բոլոր հայորդիներուն հոգիներուն մէջ:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



