Թրքական Դրոշմաթուղթին Վրայ Պիտի Նշուի «Հայաստան» Անունը
By adminx - Wed Sep 12, 7:57 am
- 0 Comments
- 517 views
- Tweet
Email
Print
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Այսօրուան յաղթանակի բերկրանքը աւելի քաղցրացնելու համար ըսեմ, որ ըստ գոյութիւն ունեցող կարգին` Թուրքիոյ նամակատնային ծառայութիւնը այս տարի պիտի հրապարակէ յատուկ դրոշմաթուղթ, առաջին օրուան ծրար եւ բացիկ` նուիրուած Պոլսոյ մէջ կայացած Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի կայացման: Իբրեւ կանոն` այսպիսի պաշտօնական նամակատնային հրապարակումներու վրայ յատուկ կերպով կը նշուի տուեալ մրցումին յաղթանակ արձանագրած երկրի անունը: Այսպիսով, թրքական դրոշմաթուղթին վրայ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Հայաստան» անունը` իբրեւ յաղթող երկիր»:
- 0 Comments
- 517 views
- Tweet
Email
Print



