Friday May 24, 2013

Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան Նախագահին Հետ Քննարկեց Սաֆարովի Հարցը

By adminx - Wed Sep 12, 7:55 am

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսի հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Հայաստանի նախագահը եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահը անդրադարձան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանը 2004 թուականին ազգային ատելութեան հողի վրայ դաժանաբար սպաննած Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայ Ռամիլ Սաֆարովին պատիժը կրելու համար Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ գաղտնի Ազրպէյճան տեղափոխման փաստին եւ քննարկեցին անոր հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը, խօսեցան շրջանային զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական համախմբումի նիստին եւ այս տարեվերջին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք կուսակցութեան շրջանային վեհաժողովին հետ կապուած հարցեր:

Leave a Reply

Advertisement