«Հունգարական-Ազրպէյճանական Գործարքը Ցնցում Յառաջացուց Միջազգային Հանրութեան Մօտ» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան
By adminx - Wed Sep 12, 7:54 am
- 0 Comments
- 138 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լիւքսամպուրկի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպոռնի հետ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին դարձեալ անդրադարձաւ Ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ անոր ներում շնորհելու փաստին:
Նշենք, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախորդ շաբաթավերջին նամակ մը յղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, որուն մէջ վստահեցուցած էր, թէ Սաֆարովի արտայանձնումը Ազրպէյճանին ուղղուած չէր Հայաստանի դէմ եւ պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ վիրաւորանք հայ ժողովուրդի հասցէին:
Նամակին մէջ նաեւ նշուած էր, թէ «դիւանագիտական յարաբերութիւններու կասեցումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ, որոնք չեն բխիր Հայաստանի շահերէն»:
Այս նամակը մեկնաբանելու խնդրանքին պատասխանելով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նախ յայտնեց, որ «հունգարական-ազրպէյճանական գործարքը ցնցում յառաջացուց միջազգային հանրութեան մօտ», ապա աւելցուց. «Ի՞նչ կ՛ըսեն այսօր Ազրպէյճանի մասին: Այն, ինչ մենք կը լսենք այսօր Ազրպէյճանէն, ոչ պակաս ցնցում կը յառաջացնէ: Բայց դժբախտաբար կրնամ նշել, որ Հունգարիայէն ալ ինչ որ այսօր մենք կը լսենք, ոչ պակաս ցնցում կը յառաջացնէ: Ի՞նչ կ՛ըսէ Հունգարիան: Հունգարական կառավարական, պաշտօնական ներկայացուցիչներ կ՛ըսեն, որ գործարքի ընթացքը թափանցիկ եղած է, իսկ ազրպէյճանական ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնեաները կ՛ըսեն, որ գաղտնի բանակցութիւններ վարուած են: Հունգարական կողմը կ՛ըսէ, որ տեղեակ չէ եղած, որ ազրպէյճանական կողմը ազատ պիտի արձակէ Սաֆարովը Պաքու ժամանելուն պէս, իսկ ազրպէյճանական բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը պնդեն, որ հունգարական կողմը անոր մասին տեղեակ եղած է»:
Նախարար Նալբանդեան տեղեկացուց այս հարցով պաշտօնական Պուտափեշտի յղած նամակներուն մասին. «Հունգարական կողմը ուղարկած է նամակներ Պուտափեշտի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններուն, ուր կը յայտնէ իր վրդովմունքը Սաֆարովը ազատ արձակելու Ազրպէյճանի կողմէ ընդունուած որոշման վերաբերեալ: Բայց արդեօ՞ք ասիկա է հունգարական կողմին վրդովման դրսեւորումը, երբ նոյն նամակը կ՛եզրափակուի անով, որ հունգարական կողմը պիտի շարունակէ յանձնառու ըլլալ Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնների զարգացման` փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ»:
Անդրադառնալով նոյն հարցին, Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն, անգամ մը եւս դատապարտելով Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստը, նշեց, որ Երեւանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք հունգարացի իր գործընկերոջը խորհուրդ կու տար աւելի խորամուխ ըլլալ այդ նամակին մէջ, եւ թերեւս պիտի հասկնար, որ Սաֆարովի արտայանձնումը վիրաւորական է Հայաստանի համար:
Ասելպոռն նաեւ յայտարարեց, որ կատարուածը պէտք չէ բացասական ազդեցութիւն ունենայ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին մէջ Հայաստանի մասնակցութեան վրայ:
- 0 Comments
- 138 views
- Tweet
Email
Print



