Friday May 24, 2013

Հիւսիսային Կիպրոսի Նոր Կիպրոս Կուսակցութիւնը Կը Յայտարարէ «Հայկական Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Պէտք Է Վերադարձուի Համայնքին»

By adminx - Wed Sep 12, 7:51 am

Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ Նոր Կիպրոս կուսակցութիւնը (Ենի Քըպրըս Փարթիսի) Կիպրոսի Արապահմեթ շրջանին մէջ վերականգնուող հայկական եկեղեցին համալսարանի մը յանձնելու հարցին շուրջ հրապարակած է յայտարարութիւն մը` ցաւ յայտնելով հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կարգավիճակին վերաբերեալ քննարկումներուն առնչութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այլ եկեղեցիներու կողքին աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի Ալեւքայասի մէջ 15-րդ դարուն կառուցուած Ս. Մակար հայկական վանքը, որ «նոյնպէս ոչնչացման եզրին կը գտնուի»:

«Հայերն ու մարոնիները այսօր մեզի հասած պատմական մեծ ժառանգութիւն չունին, այդ պատճառով ալ զանոնք պահպանելը կարեւոր է:

«Լեֆքոշի  Արապահմեթ շրջանին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւս մէկն էր այն սակաւաթիւ մշակութային արժէքներէն, որոնք մեր օրերը հասած են:

«Այս եկեղեցւոյ վերականգնման համար թէ՛ Կիպրոսի եւ թէ՛ արտերկրի հայկական համայնքներուն կարծիքն ալ հաշուի առնելով` կ՛աշխատէին եկեղեցին վերակառուցել` բնօրինակին կարելի եղածին չափ մօտ կերպով: Սակայն եկեղեցին շահագործման համար յանձնուած է համալսարանի մը: Այլ համալսարաններ ալ բողոքած են, թէ անիկա իրենց չէ տրուած: Վաքըֆներու այդ դիրքորոշումը անընդունելի է (…) Առանց այդ ալ սակաւաթիւ մնացած նմանատիպ բոլոր մշակութային յուշարձանները, օգտագործման իրաւունքներով միասին, պէտք է յանձնուին համայնքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Թրքական կուսակցութիւնը Վաքըֆներու վարչութեան ղեկավար խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առնչութեամբ տրուած որոշում մը «եւ զայն, օգտագործելու իրաւունքով միասին, տալու կիպրահայերուն: Մենք այս հոլովոյթին մէջ հետեւողական պիտի ըլլանք ե՛ւ Կիպրոսի մէջ, ե՛ւ միջազգային ասպարէզին մէջ»:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement