Վ. Սապունճեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Կիպրոս
By adminx - Wed Sep 12, 7:48 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Կիպրոս` ընկերակցութեամբ լիբանանցի եւ կիպրացի (ծագումով լիբանանցի) գործատէրերու:
Վ. Սապունճեան հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ, որուն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ողջոյնները եւ Լիբանանի մէջ զինք ընդունելու ակնկալութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարար Սապունճեանի կիպրացի պաշտօնակից Նիքոլիս Սիլիքիոթիս եւ Կիպրոսի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Նատա Աքըլ:
Հանդիպումին ընթացքին Խրիսթոֆիաս ընդգծեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրութիւնը շեշտելով, որ ինք ծրագրած է մօտիկ ապագային այցելել Լիբանան:
Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն տնտեսական իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Խրիսթոֆիաս քաջալերեց երկու երկիրներուն միջեւ ճարտարարուեստական, առեւտրական եւ զբօսաշրջական գործակցութեան ամրապնդումը:
Նախարար Սապունճեան իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանցիները չեն մոռնար Կիպրոսի տրամադրած օժանդակութիւնները` իրենց դիմագրաւած դժուար օրերուն եւ պայմաններուն ընթացքին: Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն շահերուն կը ծառայէ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումը, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւեն անոնց տնտեսութեանց սպառնացող մարտահրաւէրները:
Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է օգտուին Կիպրոսի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն, իսկ կիպրացիները պէտք է օգտուին Միջին Արեւելքի մէջ լիբանանցի գործատէրերուն յառաջատար դիրքերէն:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան կիպրացի իր պաշտօնակիցին` Նիքոլիս Սիլիքիոթիսի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները:
Սիլիքիոթիս ողջունեց լիբանանցի գործատէրերուն աշխատանքը եւ շեշտեց, որ անոնք պէտք է իրենց գործերը ընդարձակեն նաեւ Կիպրոսի մէջ, որովհետեւ Կիպրոս Լիբանանէն միայն կէս ժամ հեռու է եւ ան դէպի Եւրոպա Լիբանանի դարպասն է:
«Իսկ ողջունելի պիտի ըլլայ այն մօտեցումը, որ Լիբանան իր կարգին դէպի Միջին Արեւելք Կիպրոսի դարպասը ըլլայ», ըսաւ ան:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան Սիլիքիոթիսի ներկայացուց փոխըմբռնումի համաձայնութեան նախագիծ մը, որ կը ծառայէ իբրեւ աշխատանքային կանոնագիր` մաղթելով զայն ստորագրել Կիպրոսի նախագահին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print




