Saturday May 25, 2013

Թուրք Քաղաքացիին Ազատ Արձակումով Փակուեցաւ Մըքտատ Ընտանիքին Կատարած Առեւանգումներուն Թղթածրարը

By adminx - Wed Sep 12, 7:46 am

Այտըն Թեքին

Երէկ գիշերուան ժամը 11:00-ին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին առջեւ զօր. Ապպաս Իպրահիմ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ ստանձնեցին թուրք պատանդ Այտըն Թեքինը:

Թեքին Հարեթ Հրէյքի եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի միջեւ գտնուող վայրի մը մէջ Մըքտատ ընտանիքին կողմէ յանձնուեցաւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն: Ազատ արձակման պահուն Թեքին Լիբանանի կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ թրքական իշխանութիւններէն խնդրեց օժանդակել Հասսան Մըքտատի ազատ արձակման:

Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ ստանձնելէ ետք թուրք քաղաքացին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելին, լիբանանեան բանակին եւ զօրավարներ Իպրահիմի եւ Ռիֆիի:

Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեքինի ազատ արձակման համար:

Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այսօր ազատ պիտի արձակուի նաեւ առեւանգուած երկրորդ թուրք քաղաքացին` աւելցնելով, որ ինք թուրք քաղաքացիներուն եւ դեսպան Էօզեըլտըզի ընկերակցութեամբ պիտի ուղղուի Թուրքիա` շարունակելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն, որոնց շարքին նաեւ Հասսան Մըքտատի ազատ արձակման բանակցութիւնները:

Լիբանանեան բանակը Հարաւային արուարձաններուն մէջ նախանցեալ օր շարունակեց իր գիշերային ներխուժումները, որոնց շրջագիծին մէջ կրցաւ Հայ Սըլլոմի մէջ երէկ առաւօտեան ազատ արձակել Մըքտատ ընտանիքին զինուորական թեւին առեւանգած չորս սուրիացի քաղաքացիները:

Բանակին հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ նշեց, որ բանակի զօրամասերը ապահովական իրենց խիստ քայլերը առած են` ձերբակալելու համար տարբեր քաղաքացիութիւններ ունեցող անհատներ առեւանգող կողմերը, ճամբաները փակողներն ու կրակողները:

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութենէն զօրամաս մը նախանցեալ գիշեր ներխուժեց Հայ Սըլլոմ եւ ազատ արձակեց առեւանգուած չորս սուրիացիները, ինչպէս նաեւ նոյն վայրին մէջ ձերբակալեց առեւանգումի գործողութիւններուն մէջ հմտացած կասկածելի մը:

Ազատ արձակուած չորս սուրիացիները ենթարկուեցան բժշկական քննութիւններու եւ յանձնուեցան համապատասխան դատական մարմիններուն, որպէսզի զանոնք վերադարձնեն իրենց ընտանիքներուն:

Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Հարեթ Հըրէյքի մէջ եւս ներխուժումներ կատարած է եւ ձերբակալած կասկածելիներ, որոնք կրնան առեւանգումի գործողութիւններուն մեղսակցած ըլլալ:

Բանակը արդէն իսկ հարցաքննել սկսած է ձերբակալեալները:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց ընդգծելով, որ ինք յանձնառու է լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնն ու օրէնքը պարտադրելու լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ` աւելցնելով, որ նման դէպքերու բոլոր մեղսակիցները պիտի հետապնդուին, ուր որ ալ ըլլան անոնք, եւ բոլոր առեւանգուածները ազատ պիտի արձակուին:

Բանակը բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն կողմէ իր նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ այդ մէկը փաստ է, որ լիբանանցին ապահովական կայունութիւն եւ կարգ ու կանոն կը փնտռէ:

Միւս կողմէ, Մըքտատ աշիրեթի գլխաւոր դէմքերէն մէկը յայտնեց, որ ինք երկու շաբաթէ ի վեր կապի մէջ է Ապու Մոհամետի հետ, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Հասսան Մըքտատի եւ մնացեալ 10 լիբանանցիներուն ազատ արձակման բանակցութիւնները վարող հիմնական դէմքերէն է:

«Ապու Մոհամետ ինծի ըսաւ, թէ ինք տեսած է Հասսան Մըքտատը, որ լաւ վիճակի մէջ է: Ապու Մոհամետ խոստացաւ նաեւ 48 ժամէն ինծի յանձնել խտասալիկ մը, որ կը պարունակէ Հասսան Մըքտատի ողջ-առողջ ըլլալուն փաստերը, որոնք իմ կարգիս պիտի ներկայացնեմ Մըքտատ ընտանիքին եւ ապա պիտի համաձայնիմ Ապու Մոհամետի հետ, որ Հասսան Մըքտատ եւ առեւանգուած թուրք քաղաքացի Այտըն Թեքին ազատ արձակուին», ըսաւ հաժ Մըքտատ:

Ան աւելցուց, որ թուրք քաղաքացին ազատ պիտի արձակուէր 48 ժամէն, իսկ սուրիացի առեւանգուածներ Հայ Սըլլոմ բերուած էին` զանոնք ազատ արձակելու նպատակով:

Հաժ Մըքտատ շեշտեց, որ իրենք այդքան նկարներ սփռած են Թեքինի մասին, սակայն փոխադարձաբար ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած են Հասսան Մըքտատի մասին:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ Մըքտատ ընտանիքին մօտ գտնուող թուրք պատանդը այսօր յանձնուի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնին, եւ ապա բանակցութիւնները շարունակուին Հասսան Մըքտատն ու 10 լիբանանցի առեւանգուածները ազատ արձակելու առումով:

Միւս կողմէ, Մըքտատ ընտանիքի բանբեր Մահեր Մըքտատ շեշտեց, որ Թեքինի ազատ արձակումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Մըքտատի ազատ արձակումին հետ:

Մահեր Մըքտատ յայտնեց, որ բանակը կրցած է ազատ արձակել չորս սուրիացի առեւանգուած քաղաքացիները, սակայն այդ գործողութեան պահուն վիրաւորուած է իրենց մօտ գտնուող թուրք պատանդը: Ան աւելցուց, որ քանի մը ժամ ետք առեւանգուած թուրքը պիտի նկարուի` ցոյց տալու համար, թէ ան ո՞ղջ է, թէ՞ մահացած:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը իմացած է, որ Մըքտատ ընտանիքին մօտ գտնուող առեւանգուած թուրք քաղաքացին ողջ-առողջ է:

Leave a Reply

Advertisement