Wednesday May 22, 2013

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ուոլընը

By adminx - Wed Sep 12, 7:44 am

Քոնելլի, Ուոլըն եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Նիլ Ուոլընը, որուն ընկերակցեցաւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական մարզին վերաբերող գործակցութիւնը, յատկապէս դրամատնային գործառնութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրամանիշը պահպանելու իմաստով որդեգրուած միջազգային չափանիշերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պէյրութի նահանգապետի պաշտօնակատար Նասի      ֆ Քալուշը եւ Պետական հաստատութիւններուն հսկող հաշուեքննիչ անձնակազմի նախագահ, դատաւոր Աունի Ռամատանը:

Leave a Reply

Advertisement