Tuesday May 21, 2013

Ապու Ղայտա Հարցաքննեց Սըմահան` Առանց Անդրադառնալու Ժամիլ Սէյիտի

By adminx - Wed Sep 12, 7:40 am

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին շարունակեց Սըմահայի հարցաքննութիւնը` առանց անոր մէջ ներառելու Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտը, հակառակ այն իրողութեան, որ Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Ժամիլ Սէյիտի թղթածրարը փոխանցած էր Ապու Ղայտայի:

Սըմահայի պաշտպան փաստաբան Սախըր Հաշեմ յայտնեց, որ Սըմահա իր վկայութիւնները ներկայացուց ամենայն հանդարտութեամբ` աւելցնելով, որ անոր յստակացումները կ՛ընդգրկէին նաեւ ականներուն փոխադրութեան հարցը:

Հաշեմ նշեց, որ Սըմահայի հետ հարցաքննութիւնը աւարտած է եւ Ապու Ղայտա հարցաքննութեան այլ նիստ մը չէ ճշդած:

Հարցաքննութեան աւարտէն ետք Սըմահա հանդիպում մը ունեցաւ իր ընտանեկան պարագաներուն հետ:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրեց` բացատրելու համար շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ ինք ընկերակցած է նախկին նախարար Միշել Սըմահայի` ականներու փոխադրութեան ընթացքին:

Սէյիտ յայտնեց, որ «Սըմահա» հարցաքննութեան ընթացքին շեշտած է, որ ես անտեղեակ էի ականներու փոխադրութենէն եւ իրեն վերաբերող մանրամասնութիւններէն»:

Ան նշեց, որ Սըմահայի կողմէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն զօր. Ուիսամ Հասանի հասցէին կատարուած ցեխարձակումներէն մեկնելով ինք յայտարարած է, որ Սըմահան հարցաքննողը իր թշնամին պէտք չէ ըլլայ:

Սէյիտ նշեց, որ Ռիֆի պնդած է, որ Սըմահայի հետ կատարուած հարցաքննութեան մանրամասնութիւնները ամբողջութեամբ հրապարակուին «Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ` ընդգծելով, որ ատիկա քրէական արարք է եւ անոր պատիժը բանտարկութիւն է:

Սէյիտ նախկին ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան, Ուիսամ Հասանը եւ Աշրաֆ Ռիֆին ամբաստանեց ոճիրներ գործելու յանցանքով:

Իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` Սէյիտ ըսաւ, որ այն նախագահը, որ հաշուետուութեան չի կրնար կանչել, նաեւ չի կրնար շնորհաւորել եւ գնահատել:

«Եթէ նախագահ Սլէյման Միրզան, Ռիֆին եւ Հասանը չի կրնար պաշտօնազրկել, ապա անկէ կը պահանջենք նաեւ զանոնք չշնորհաւորել եւ չգնահատել, այլ ուղղակի հարցաքննել զանոնք Սըմահայի հարցաքննութիւնը մամուլին սպրդեցնելու յանցանքին ծիրին մէջ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին հարցումի մը` Սէյիտ ըսաւ, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց որոշուած թուականին կատարուին, ապա ինք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Հիւսիսային Պեքաայի մէջ իբրեւ անկախ թեկնածու` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի թեկնածուներուն ցանկին մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement