Monday May 20, 2013

Պըրրի – Փլամպլի Հանդիպում

By adminx - Wed Sep 12, 7:38 am

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին` ներկայութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդատուին` Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ է Պըրրիի հետ հանդիպումը` աւելցնելով, որ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:

Փլամպլի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Ան շեշտեց, որ ինք նախապէս շնորհաւորած է Լիբանանի կառավարութիւնը եւ ապահովական կառոյցները` երկրին վտանգներուն դէմ դնելու եւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու նպատակով անոնց ջանքերուն համար:

Փլամպլի մաղթեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ առեւանգուող քաղաքացիները մօտիկ ապագային ազատ կ՛արձակուին:

Ան դիտել տուաւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ 2013-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ` նշելով, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ` ապահովելու համար ազատ, թափանցիկ եւ արդար ընտրութիւններ:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ թուրքերուն վերաբերող հարցեր:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:

Միւս կողմէ, Պըրրի Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքէն ստացաւ հեռագիր մը` առեւանգուած թուրքերուն վերաբերող:

 

Leave a Reply

Advertisement