Sunday May 26, 2013

Ղոսըն. «Բանակը Ոչ Ոքի Հետեւորդն Է»

By adminx - Wed Sep 12, 7:36 am

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ոչ ոքի հետեւորդն է` աւելցնելով, որ բանակը Զինուորական ատեանին աշխատանքը չի խաչաձեւեր, այլ` կը գործէ ամենայն բծախնդրութեամբ:

Ղոսըն հաստատեց, որ բանակը այս կամ այն քաղաքական կողմին կամ արտաքին միջամտութեան չ՛ենթարկուիր, այլ` կը գործէ հայրենասիրութեամբ:

Ան նկատել տուաւ, որ բանակը պատրաստ է ներխուժելու որեւէ տեղ, ուր ապահովական խախտում գոյութիւն ունի, եւ հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը:

Ղոսըն յայտնեց, որ Ռուէյսի մէջ բանակին ներխուժումները կը փաստեն, որ բանակը ներկայ է լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ եւ կը հասնի ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու` հիւսիսէն մինչեւ հարաւ:

Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը զինումի խիստ կարիք ունի` աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մշակուի բանակը զինելու ծրագիր մը:

Միւս կողմէ, Ղոսըն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զինուորական մակարդակի վրայ գործակցութեան ամրապնդումը:

Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Leave a Reply

Advertisement