«Բանակին Եւ Անոր Զինուորներուն Դէմ Ցեխարձակումներ Կատարողներուն. Կրնա՞ք Բանակը Հանգիստ Ձգել» Հարց Տուաւ Զօր. Աուն
By adminx - Wed Sep 12, 7:34 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ 2006-էն մինչեւ օրս ներքին ապահովութեան ուժերուն հրամանատարութեան խորհուրդը նիստ մը չէ գումարած` նշանակումներ կատարելու համար, աւելցնելով, որ գետնի վրայ գործող բոլոր պատասխանատուներն ու սպաները ապօրինի պաշտօններու վրայ կը նկատուին:
Զօր. Աուն հարց տուաւ պատկան մարմիններուն եւ խնդրոյ առարկայ նախարարին կողմէ այս հարցին գծով պահուող լռութեան մասին:
Անդրադառնալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ ապահովական կառոյցներուն տրամադրելու որոշումին եւ դրութեան` զօր. Աուն ըսաւ, որ պէտք է հանրաքուէ մը կատարել` իմանալու համար, թէ լիբանանցի ժողովուրդը կ՛ընդունի՞ իր անձնական հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները գաղտնի լսումի ենթարկել, թէ՞ ոչ:
«Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը իւրաքանչիւր նիստէ ետք կը յայտարարէ, որ բանակը լաւ է եւ թէ իրենք չեն կրնար վարկաբեկել զայն, որովհետեւ բանակին զօրակցող հսկայ ալիք մը կայ, սակայն անոնք ամէն անգամ կը փորձեն յուսալքել բանակին սպաները եւ ազդել անոնց կորովին վրայ», ըսաւ զօր. Աուն` հարց տալով, որ կրնա՞ն անոնք բանակը հանգիստ ձգել:
«Ի՞նչ կ՛ուզէք: Սուրիոյ ազատ բանակը կամ Քայիտա՞ն կ՛ուզէք», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ ինք չի կրնար պատկերացնել, թէ ժողովուրդին ներկայացուցիչները կը հարուածեն բանակին տրամադրութիւնները:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ համախմբումի նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայացուցած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղման վերաբերող աշխատանքներն ու գիտական ջանքերով գոյացած քարտէսները` կոչ ուղղելով լիբանանեան պետութեան անյապաղ սկսելու այդ աշխատանքին, որովհետեւ Լիբանան իսկապէս բնական հարստութիւն ունի:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



