Wednesday May 22, 2013

Հոլլանտ Կ՛ընդունի Սաատ Հարիրին

By adminx - Wed Sep 12, 7:31 am

«Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ», հաղորդեց «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջը:

Միւս կողմէ, Հարիրիի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի միջեւ հանդիպումին անդրադառնալով, «Հայաթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Հարիրի Պոկտանովի յայտնած է իր ընդվզումը` Լիբանան-Սուրիա սահմանային ռմբակոծումին դէմ:

Լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին արտայայտած իր կեցուածքներուն շրջագիծին մէջ Պոկտանով  յայտնեց, որ Մոսկուա կը մերժէ որեւէ փորձ, որ կը նպատակադրէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտել:

Leave a Reply

Advertisement