«Ռուսիա Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Պատկերացում Մը Ունի Եւ Ասատի Անձին Կառչած Չէ» Կ՛ըսէ Պոկտանով
By adminx - Wed Sep 12, 7:28 am
- 0 Comments
- 102 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Ռուսիա Ժընեւի համաձայնութենէն պիտի չհրաժարի, որովհետեւ այդ փաստաթուղթը անոր շուրջ յառաջացած միաձայնութեան պատճառով Ռուսիոյ համար սրբազան է:
Պոկտանով լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ռուսական դիւանագիտութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման պատկերացում մը ունի եւ «Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի անձին» չի կառչիր, սակայն Մոսկուա նաեւ կը կարծէ, որ սուրիական վարչակարգը «որոշ չափով կը շարունակէ ամուր մնալ», ինչպէս նաեւ տագնապի աւարտը կախեալ չէ զինուորական ուժի հաւասարակշռութենէն, որ Արեւմուտքը եւ արաբական երկիրներ ընդդիմութիւնը զինելով կը փորձեն ի նպաստ այս վերջինիս շրջել: «Նոյնիսկ եթէ ընդդիմութիւնը Դամասկոսը գրաւէ, ինչ որ չենք բացառեր, տագնապը պիտի շարունակուի», ընդգծեց Պոկտանով:
«Ընդդիմութեան բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչներն ու վարչակարգի ուժերը, թող տարբեր յարանուանութեանց` սիւննիներու, ալեւիներու, քրիստոնեաներու եւ այլոց ներկայացուցիչներն ու իշխանութիւնները հաւաքուին Մոսկուայի, Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի կամ որեւէ այլ տեղ եւ երկրին ապագան կազմակերպելու շուրջ համաձայնին» այնպիսի տարազի մը մէջ, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին վերջ տուած Թայէֆի համաձայնութեան նման է:
Ան նաեւ նշեց, որ Ասատ «յաճախ» ռուսական խրատներուն ականջ չի տար: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մասնատման վտանգը իսկապէս գոյութիւն ունի եւ ատիկա կրնայ սոմալեան տարբերակով ըլլալ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի` սուրիական տագնապի լուծման համար առաջարկած չորս երկիրներէ բաղկացած ձեւաչափին վրայ Իրաքի եւ այլ պետութեան մը անունը աւելցուցած է եւ այսպիսով այդ հարցին շուրջ խորհրդակցող երկիրներուն թիւը վեցի բարձրացած է: Ան ըսաւ, որ Իրանի նախագահին առաջարկած առաջին երկիրը Իրաքն է, իսկ երկրորդին «անունը չենք կրնար նշել` որոշ հարցերու գոյութեան պատճառով»:
Ան ըսաւ, որ որոշուած է խորհրդակցական հանդիպումները վեց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կատարել, սակայն որոշ հարցերու եւ թիւրիմացութեանց պատճառով որոշուած է առաջին ժողովը միայն մասնագէտներու մակարդակով կատարել:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտնեց, որ «աշխարհաքաղաքական պատճառներով Սուրիան քանդելու պատճառ չկայ»: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու ձգտող բոլոր դրական քայլերը կ՛ողջունենք», սակայն «ամէնէն կարեւորը անկողմնակալութիւնն է եւ միշտ լաւատես ըլլալը»:
Մաքտիսի ըսաւ, որ «միջազգային նոր պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի յայտարարութեանց մէջ դրական զարգացում նկատեցինք»` յոյս յայտնելով, որ «տեսակէտը փոխէ եւ հասնի այն ճշմարտութեան, որ խանգարողը սուրիական կառավարութիւնը չէ»:
«Սուրիական կառավարութիւնը ամէնէն հզօր կողմն է, եւ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալուն մէջ շահ ունինք», ըսաւ ան:
Իրանեան բանակի սպայակոյտի անդամ զօր. Մասուտ Ժազայիրի իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ պատերազմը կը մօտենայ իր աւարտին` ի նպաստ կառավարութեան ու սուրիացի ժողովուրդին, եւ մօտ օրէն դիմադրութեան համար մեծ յաղթանակ մը պիտի արձանագրուի, իսկ Ամերիկան, Բրիտանիան, սիոնականները կամ դիմադրութեան թշնամիները ոչինչ պիտի կրնան ընել»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիա կը մղէ Ամերիկայի, կարգ մը եւրոպական եւ դրացի երկիրներու կողմէ շղթայազերծուած մեծ պատերազմ մը, որուն նպատակը զինուորական միջոցներու օգտագործումով Սուրիոյ վարչակարգը տապալել եւ սուրիացի ժողովուրդին իր կամքը պարտադրելն է»:
Միւս կողմէ, թուրք պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «այն սուրիացիները, որոնք անցագիրներ կը կրեն եւ օրինական ձեւով մուտք գործած են երկիր, կրնան փոխադրուիլ հիւսիս` սահմանէն հեռու եւ հարիւրաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ գտնուող չորս քաղաքներէն մէկուն մէջ կեցութեան արտօնագիր պահանջել»: Օրաթերթը կը նշէ, որ «ասիկա ընդունելի ռազմավարութիւն մըն է, որ այլ տագնապներու մէջ եւս կիրարկուած է եւ որուն նպատակն է սուրիացիները ցրուել ու հեռացնել հաւանական որեւէ թշնամիներէ»:
Թրքական բարձրաստիճան աղբիւր մը իր կարգին «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեց, որ իր երկրին իշխանութիւնները նախապէս սուրիացի գաղթականներու ճամբարները հիւսիսի սահմանէն հեռու փոխադրելու որոշում մը որդեգրած են` նշելով, որ այդ որոշումը ներկայիս գործադրութեան հուն մտած է շնորհիւ Քիլիսի մէջ ճամբարի մը կառուցման, որ շուրջ 10 հազար մարդ կրնայ ընդգրկել, սակայն Հալէպի ճակատամարտին սկսելուն եւ մեծաթիւ գաղթականներու հոսքին պատճառով գաղթականներու փոխադրութեան գործողութիւնը դարձեալ յետաձգուած է:
Միւս կողմէ, թրքական լրատուական աղբիւրներ բացայայտեցին, որ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի զօրավար Մոհամետ Շապլուղ անձնասպան եղած է, երբ իմացած է, թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը զինք պիտի փոխանակէ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած թուրք սպաներու հետ` զանոնք լիբանանցի եւ իրանցի առեւանգեալներու հետ փոխանակելու ջանքերը ձախողելէն ետք:
Լրատուական աղբիւրներ նախապէս հաղորդած էին, որ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած են 43 թուրք սպաներ, որոնցմէ 7-ն` բարձրաստիճան: Վերջիններս, Թել Աւիւի մէջ մարզուած են` Սուրիոյ մէջ կռուելու համար, իսկ Հալէպի կռիւներուն ընթացքին ձերբակալուած են բազմաթիւ թուրք սպաներ եւ գործունեայ տարրեր, որոնք Թուրքիան կը փորձէ ազատել եւ որոնց թիւը, ըստ նոյն աղբիւրներուն, 70-ի կը հասնի:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած թուրքերուն լիբանանցի եւ իրանցի առեւանգեալներուն հետ փոխանակման ձախողութենէն ետք, Լիբանանի մէջ թուրք քաղաքացի մը առեւանգուեցաւ, որ ըստ տեղեկութեանց, աւելի կարեւոր է, քան Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած որեւէ սպայ:
- 0 Comments
- 102 views
- Tweet
Email
Print




