Tuesday May 21, 2013

Պենետիկտոս Ժզ. Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան Այցելութեան Պաշտօնական Յայտագիրը

By adminx - Wed Sep 12, 7:18 am

Վատիկան

14-էն 16 սեպտեմբեր 2012, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը եռօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան. այցելութեան ընթացքին ան Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ իր «Առաքելական յորդոր»-ը, որ յառաջացած է Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսէն, հոկտեմբեր 2010-ին: Այցելութեան ընթացքին սրբազան պապը պիտի արտասանէ հինգ ճառեր տարբեր առիթներով:

Այցելութեան պաշտօնական յայտագիրը.

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012, Սուրբ Խաչի տօնին, կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին, սրբազան քահանայապետը կը ժամանէ Լիբանան, ուր ընդունելութեան ներկայ պիտի ըլլան միայն Լիբանանի պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովի անդամները, քահանայապետական շքախումբն ու սրբազան պապին այցելութեան պատրաստողական կեդրոնական յանձնախումբը:

Երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Առաքելական յորդոր»-ին ստորագրութեան արարողակարգը տեղի պիտի ունենայ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ` Հարիսա, Լիբանանի պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու համաժողովի անդամներուն, միաբանութիւններուն ընդհանուր մեծաւոր- մեծաւորուհիներուն, քահանայապետական շքախումբին ու այցելութեան պատրաստողական կեդրոնական յանձնախումբին ներկայութեամբ:

Շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, սրբազան քահանայապետը պիտի այցելէ նախագահական պալատ, ուր պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, ինչպէս նաեւ յատուկ հանդիպումներ` իսլամ համայնքապետերուն, կառավարութեան անդամներուն, պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ մշակութային մարզի ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ պիտի ըլլան պատրիարքները, եպիսկոպոսները, միաբանութիւններուն ընդհանուր մեծաւորները, մեծաւորուհիները, Քահանայապետական շքախումբը եւ այցելութեան պատրաստողական կեդրոնական յանձնախումբը:

Յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, սրբազան պապը Լիբանանի պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն եւ պապական պատուիրակութեան հետ պիտի մասնակցի կէսօրուան ճաշի սեղանին, որ պիտի տրուի ի պատիւ իրեն` Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական վանքին մէջ:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, սրբազան պապը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի երիտասարդութեան հետ, Պքերքէի մարոնի պատրիարքութեան հրապարակին վրայ:

Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, սրբազան քահանայապետը պիտի մատուցանէ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ Պէյրութի կեդրոնական գօտիի «Պէյրութ Սիթի Սենթըր Ուոթըրֆրոնթ»-ի շրջափակին մէջ: Պատարագին ընթացքին ան պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ տեղի պիտի ունենայ «Առաքելական յորդոր»-ին յանձնումը: Կաթողիկէ պատրիարքները պիտի մասնակցին այս սուրբ պատարագին` սրբազան քահանայապետին շուրջ:

Յետմիջօրէի ժամը 1:20-ին, սրբազան քահանայապետը պիտի մասնակցի ճաշասեղանին` Հարիսայի պապական դեսպանատան մէջ: Ապա, երեկոյեան ժամը 5:15-ին, պիտի մասնակցի միջեկեղեցական հանդիպումին ասորի կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ` մասնակցութեամբ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներուն հոգեւոր պետերուն եւ կաթողիկէ պատրիարքներուն սրբազան քահանայապետին շքախումբին հետ:

Իսկ ժամը 6:30-ին տեղի պիտի ունենայ այցելութեան փակման հանդիսութիւնը Պէյրութի օդակայանին մէջ` եւ սրբազան քահանայապետը պիտի վերադառնայ իր նստավայրը` Վատիկան:

Նշենք, որ ասիկա սրբազան քահանայապետին երրորդ այցելութիւնն է Միջին Արեւելք, իր ուխտագնացութենէն ետք Սուրբ Երկիր եւ Յորդանան` մայիս 2009-ին եւ Կիպրոս` յունիս 2010-ին, ուր յանձնած էր Միջին Արեւելքի համար եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսին աշխատանքային թղթածրարը:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Leave a Reply

Advertisement