Friday May 24, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Wed Sep 12, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Վիճակահանութեան տոմս մը կրնայ բախտաւորել ձեզ: Փորձեցէք ձեր բախտը, օրը կրնայ ունենալ նիւթական շահեր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այն անձը, որուն վստահութիւն չունէիք, այսօր պիտի համոզէ ձեզ իր անակնկալ յաջող նախաձեռնութեամբ: Գոհ պիտի մնաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգեմտաւոր հարցեր պիտի հետաքրքրեն ձեզ: Ուսումնասիրութիւն մը այս նիւթերու վերաբերեալ` նորութիւններ կրնայ փոխանցել: Օրը արդիւնաւէտ է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան: Թեթեւ անհանգստութեան մը պարագային հարկ եղած դեղերը առէք` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Զգուշութիւն կը թելադրուի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր արտաքին տեսքը բարելաւելու համար ոչինչ խնայեցէք: Մարդիկ ձեզ կը դատեն առաջին հայեացքով ձեր ճաշակէն, ձեր տեսքէն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքը կը զօրացնէ ձեր հոգեկան եւ ֆիզիքական դիմադրականութիւնը: Ձեր աշխատասիրութիւնը պիտի գնահատուի նիւթապէս եւ բարոյապէս:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ նոյնիսկ ոմանք չգիտնան ձեր օժանդակութեան արժէքը, մնացէք բարեացակամ: Ձեր կատարած բարիքը պիտի տեսնուի ամէնուն կողմէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հիւրերը անպակաս պիտի ըլլան ձեր տան մէջ: Ձեր հիւրասէր ըլլալը շատ պիտի գնահատուի: Ուրախ պիտի ըլլաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տեսնուած ամէն փայլուն բան ոսկի չէ: Օգտագործեցէք ձեր իմաստութիւնը` բարին եւ չարը զանազանելու համար: Երեւոյթներէն մի՛ խաբուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երբ մէկը չի հետաքրքրուիր ձեզմով, բարեկամ ըլլայ թէ ազգական, դուք ալ լուռ մնացէք` առանց արտայայտելու ձեր դժգոհութիւնը: Պարզապէս անտեսեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք հոգեկան գոհունակութիւնը, թէ կարողացած էք յաջողութեամբ աւարտել ձեզի վստահուած պարտականութիւնը: Օրը պիտի ստեղծէ նոր առիթներ` ուրախանալու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գաղտնիքը արտայայտելու փորձութիւնը մի՛ ունենաք: Ձեր լեզուն զուսպ պահեցէք: Ձեր խօսակիցը այնքան ալ անկեղծ չէ: Զգո՛ւշ եղէք:

Leave a Reply

Advertisement