Յայտարարութիւններ ( 11 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Tue Sep 11, 6:00 am
- 0 Comments
- 217 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Դիմուրճեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արամ եւ Ռիթա Ֆերեշեթեան եւ զաւակները` Լարա, Արին եւ Վազգէն (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Նինա Աստարճեան եւ դուստրը` Լիա (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Անուշ Պաղտասարեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժոզեֆին Պէրպէրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Միսաք Վարագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նուպար եւ Մարօ Տէր Գէորգեան եւ զաւակունք
Ֆերեշեթեան եւ Աստարճեան ընտանիքներ
Կարոյեան եւ Փերտեճեան ընտանիքներ
Գայթանճեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԻՄՈՒՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 3:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Որսեսթըր Մասաչուսեցի Ս. Երրորդութիւն հայոց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Որսեսթըրի գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ Պուչաքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Պուչաքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս Պուչաքճեան եւ զաւակունք
Տիկին Վիոլեթ Պասթաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Սալխանեան եւ զաւակունք
Տիկին Անժել Քիւրիւմլեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուիզ Քիւրիւմլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Քիւրիւմլեան եւ զաւակունք
Սարգիսեան ընտանիք
Տիկին Ալիս Պուչաքճեան եւ զաւակունք
Տիար Նուպար Պոյաճեան եւ զաւակունք
Պուչաքճեան եւ Պասթաճեան ընտանիքներ
Սալխանեան եւ Քիւրիւմլեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Հայրապետեան ընտանիքներ
Քիւսպեքեան եւ Սերայտարեան ընտանիքներ
Օտայմի եւ Եսայեան ընտանիքներ
Շուէյրի եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Ժոլի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՊՈՒՉԱՔՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԻՒՐԻՒՄԼԵԱՆ, 1920-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2012-ին, «Սըրհալ» հիւանդանոցին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Զահլէի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 12 եւ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ կիրակի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Ծանօթ: Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել բարեսիրական հաստատութիւններու:
————————————————————————————–
ԱՅՆՃԱՐ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
97-ԱՄԵԱԿ
1.- Գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին
Շնորհահանդէս
«Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքին
(Հայաստան հրատարակուած)
Խօսք կ՛առնէ գիրքի հեղինակ,
հայրենի պատմաբան`
ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
* Գեղարուեստական յայտագիր
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
2.- Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, վերոյիշեալ շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Այնճարի մէջ, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:
3.- Հովանաւորութեամբ
Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Նկարչական ցուցահանդէս
ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ
Խօսք կ՛առնէ արուեստագէտ Մկրտիչ Մազմանեան
Բացումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ նաեւ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին:
4.- Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին`
Մուսա Լերան տոհմիկ երեկոյ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:
* Գեղարուեստական յայտագիր (թմբուկ, զուռնայ, երգիչներ…)
* Տոհմիկ ուտելիքներ
* Անակնկալներ
5.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին
Մուսա լերան հերոսամարտի 97-ամեակի ժողովըրդային տօնախմբութիւն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012-ի գիշերը ժամը 9:00-էն սկսեալ, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կողքին:
Պատգամախօս`
ՏՈՔԹ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Ելոյթ կ՛ունենան ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը եւ խումբ մը լիբանանահայ երգիչներ` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագախումբին:
6.- Կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` մատաղի պատրաստութիւն, Ս. պատարագ, հոգեհանգիստ, մատաղօրհնէք եւ մատաղի բաշխում
Շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին, Մուսա լերան հերոսներու յուշարձան-համալիրին մէջ
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ը ուրախ է յայտարարելու, որ 2012-2013 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները.
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Գ.- Դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն, երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2012:
Դ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է մինչեւ 5 նոյեմբեր 2012:
Ե.- Այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր ուսանողի համար պիտի յատկացուի 1.200.000 լ.ո.:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՖՈՆՏ»
————————————————————————————–
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Մոմճեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՄԱՆՈՒԷԼ ՅՈՎՍԷՓ ՄՈՄՃԵԱՆի մահուան սուգին:
————————————————————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(Նոր Սիս, հեռ. 01/261115)
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2012-2013 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 1:00:
Վարժարանը ունի մանկամսուրի բաժին:
Նորեկ աշակերտները իրենց հետ պէտք է ունենան.
1.- Իխրաժ քայտ:
2.- Նախորդ տարուան վիճակացոյցը:
3.- Նախորդ վարժարանէն փոխանցման գիր:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012` մանկապարտէզ եւ նախակրթարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ
ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնը այսու կու գայ յայտնելու, որ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները, հին ու նոր աշակերտներուն համար, կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, բացի շաբաթ օրերէն: Դիւրացնելու համար վերամուտի աշխատանքները` ծնողներէն կը խնդրուի արձանագրութիւնները կատարել մինչեւ ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2012:
Ծնողներէն կը խնդրենք նկատի ունենալ նաեւ, որ`
1.- Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել իխրաժ քայտ, նախորդ տարուան վիճակացոյցը եւ փոխանցման գիր` վաւերացուած կրթութեան նախարարութենէն (իֆատէ):
2.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
- Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012, նախակրթարան:
- Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012, մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններ:
- Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012, Բողբոջ դասարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՀԵՌ. 01/261622
ա.- 2012/2013 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 13:00, բացի շաբաթ օրերէն:
բ.- Նորեկ աշակերտներէն կը պահանջուին նոր «իխրաժ քայտ», վերջին տարուան վիճակացոյցը, «իֆատէ» նախորդ վարժարանէն, վաւերացուած` կրթութեան նախարարութենէն:
գ.- Վարժարանս այս տարեշրջանին օժտուած է վերակազմակերպուած մանկամսուրով:
դ.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
- Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012-ին, նախակրթարան:
- Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012-ին, Ծաղիկ, Կոկոն:
- Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012-ին, Բողբոջ, Ծիլ, մանկամսուր:
ե.- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել քարտուղարութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կ՛ուզենք ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ 2012 – 2013 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 8:30 – 1:00:
Յառաջիկայ տարուան համար կենսագիտութեան եւ ընկերատնտեսագիտութեան բաժիններուն կողքին, կը ծրագրենք ունենալ ընդհանուր գիտութեան բաժինը:
Նորեկ աշակերտներէն կը խնդրուի դպրոց ներկայացնել`
ա- Վերջին 2 տարուան վիճակացոյց:
բ- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն:
գ- Երկու նոր լուսանկար:
դ- Նախկին վարժարանէն աշակերտին պետական թիւը` վաւերացուած:
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2012 - Լեզուական նիւթեր
Երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2012 - Թուաբանութիւն, գիտական նիւթեր
Պատմութիւն, Աշխարհագրութիւն եւ այլ նիւթեր
ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔ` առաւօտեան 9:00 – 12:00
Նախակրթարան – 20 եւ 21 սեպտեմբեր
Միջնակարգ եւ երկրորդական – 24 եւ 25 սեպտեմբեր
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
ա – Պաքալորէա եւ Պրէօվէ – երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2012
բ – Երկրորդական, միջնակարգ եւ նախակրթարան - ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012
գ - Մանկապարտէզ – հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2012
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ ԹԱԹԻԿԵԱՆ
Երկրորդական վարժարան
Հիմնուած` 1934-ին, Պուրճ Համուտ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2012-2013
Արձանագրութիւն
Արձանագրութիւնները սկսան երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին եւ կը շարունակուին ամէն օր` երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:00-13:00:
Վերամուտ
Երկ. Գ. կարգի (Պաք. Բ.-ի) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին:
Միջ. Գ. կարգի (Պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին:
Մնացեալ բոլոր կարգերու դասաւանդութիւնները կը սկսին ուրբաթ, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի չորեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
————————————————————————————–
«ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԱՅՆՃԱՐ (08-620453)
2012-2013 Տարեշրջանի
Արձանագրութիւնները
«Անարատ Յղութեան» հայ քոյրերու միաբանութիւնը
ԲԱՑ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ իր Այնճարի վարժարանը, տնօրէնութեամբ քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեանի:
Արձանագրութիւնները կը սկսին 6 սեպտեմբեր 2012-ին` նախկին եւ նոր աշակերտներու համար:
2012-2013 դպրոցական տարեշրջանին վերամուտը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2012-ին:
Մեծ ուրախութեամբ կը սպասենք յատկապէս նախկին սան-սանուհիներու զաւակներուն` զանազան գիտութիւններու եւ լեզուներու կողքին իրենց ջամբելու համար իմացականութիւնն ու սէրը Արարիչին` Աստուծոյ, սէրը` ընկերոջ եւ սէրն ու գիտակցութիւնը` պատկանելիութեան, իբրեւ հայ հրաշք ազգի քրիստոնեայ զաւակ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
ԿԱՐՕ-ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
FLOWERS GAROԻր նորաբաց մասնաճիւղերուն մէջ ձեզ կ՛ընդունի`
1. Ծաղիկներ` ամէն տեսակի, ամէն եղանակի այլազանութեամբ:
2. Ամէն առիթներու յարդարանքներ, եկեղեցիներու յարդարանք, պսակի եւ այլ ուրախ առիթներու ծաղկեփունջեր:
3.- Մահամերձի հոգատարութիւն (Nursing Services):
4. Յուղարկաւորութեանց եւ թաղման անթերի սպասարկութիւն. ծաղկեպսակներ, ննջեցեալի հականեխում, փոխադրութիւն արդիական ինքնաշարժներով, մահազդի պատրաստութիւն երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն, օրաթերթերու մէջ մահազդներու հրատարակութիւն, սպասեակներու եւ հոգեճաշի մատակարարում` թաղմանց եւ քառասունքի առիթներով:
5. Լիբանանէն դուրս եւ դէպի Լիբանան ննջեցեալի փոխադրութիւն` կառավարական եւ այլ ամբողջական գործողութիւններով:
6. Թաղմանց առիթով եւ յետ մահու այլազան կառավարական գործողութիւններու սպասարկութիւն:
7. Շիրմաքարերու, դամբարաններու պատրաստութիւն-նորոգութիւն, գիրերու փորագրութիւն:
8. Սպասարկութիւն 24/24 ժամ:
Անվարան դիմեցէք ԿԱՐՕ-ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ`
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղ,
հեռաձայն 03-892896, 01-254528:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration-ի մասնագիտութիւն ունեցող օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակի հաս-ցէին.-
kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Frigo services հաստատութիւնը կարիքը ունի համալսարանաւարտ քարտուղարուհիի մը, պայման է, որ տիրապետէ արաբերէնին եւ անգլերէնին, նաեւ համակարգիչ գործածել գիտնայ: Դիմել` հեռ. 03-344256 թիւին:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Համալսարանաւարտ, ֆրանսերէն ուսումով ուսուցիչ մը` միջնակարգի անձնական դասերու համար, Պուրճ Համուտի մէջ, օրական 1,5 – 2 ժամ: Հեռ. 70/968561:
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի շէնքեր, դաշտին կից, 4-րդ յարկ, հեռաձայն` 01-252593 կամ 03-481121:
—————————————————————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Տիկին Էլիզ Թերզեան (Լէոկրավիւր) կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 ամ. տոլարով:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Senior fellowship of Arm. Evangelical Martyr՛s Congregational Church of Havertown (U. S. A.) կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի
ծախսը` 350 ամ. տոլարով:
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 217 views
- Tweet
Email
Print



