Յայտարարութիւններ ( 20 ապրիլ 2011 )
By adminx - Wed Apr 20, 11:13 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
- Հոգեհանգստեան պաշտօն
- Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու խօսք
- Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի խօսք
- Հայրապետական պատգամ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Հրաւիրուած է համայն լիբանանահայութիւնը
———————————————————————————-
ԿՈ՛Չ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը կը թեւակոխենք Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու սփիւռքի առջեւ ծառացող նոր մարտահրաւէրներով, որոնք կը հունաւորեն ազգային միասնական ճիգի ու կարողականութեանց համատեղման վրայ հիմնուած հայութեան երթը:
Ներկայ պատմական հանգրուանի մարտա- հրաւէրները դիմակալելու համար, հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուցած է իր հաւատոյ հանգանակը` համազգային տենչերն ու իտէալները բիւրեղացնող ազգային առողջ գաղափարախօսութիւնը:
Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պարտաւոր են այսօր Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարին մասնակցելու` ստանձնելով իրենց կարգավիճակէն բխող յատուկ դերակատարութիւն, իրենց ստանձնած յանձնառութեան ամբողջական ու լիիրաւ կատարումով:
Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսումը չի կրնար պարտուողական ու զիջողական քայլերու առաջնորդել մեզ:
Հայ ժողովուրդը տէրն է իր պայքարին: Մեծ եղեռնի 96-ամեակի ոգեկոչումը առիթ է ամրացնելու ազգային միասնականութիւնը եւ ամրագրելու հաւատքը` մեծ ու ամբողջական Հայաստանի յաղթանակին նկատմամբ:
Ա՛յս հաստատումին վկան դառնալու կոչւած է այսօր ամբողջ հայութիւնը: Ա՛յս է ապրող ու ապրեցնող պատգամը Ապրիլեան նահատակներուն:
Յարգա՛նք Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու յիշատակին:
Յարգա՛նք 24 ապրիլ 1915-ին թրքական եաթաղանով հայ ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագիրը մերժած եւ պայքարի ճամբուն վրայ իրենց արիւնը զոհաբերած Հայ դատի հին թէ նոր բոլոր նահատակներու յիշատակին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սօսի Տեմիրճեան եւ զաւակը` Կարօ
Տէր եւ տիկին Պաղտիկ եւ Լիզեթ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Մարալ Չիւրիւքեան եւ զաւակը
Օրդ. Նայիրի Մախուլեան
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Սիլվա Չոքաքլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Մարօ Չոքաքլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Մարօ Չոքաքլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սիլվա Գազանճեան եւ զաւակունք
Տիկին Երանուհի Յովհաննէսեան
Տեմիրճեան եւ Չիւրիւքեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Այվազեան ընտանիքներ
Գասպարեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1943-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 20 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շողիկ Ֆրենկեան եւ զաւակները` Նորա, Հրակ եւ Սիլվա (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Պարպարա Ֆրենկեան եւ դուստրը` Սթեֆանի (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վրոյր եւ Պերճուկ Ֆրենկեան եւ զաւակները` Անի, Սեւակ եւ Վիգէն (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Սուրէն Ճամպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Համեստ Ճամպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս Մախուլեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պետիկ Մախուլեան եւ զաւակունք
Սերխոշեան եւ Ղուկասեան ընտանիքներ
Փաչարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ՅՈՎԻԿ) ՖՐԵՆԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Այնճար, 1945-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 16 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հոստընի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հոստընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————————-
ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Շաբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Լուպնան Հըր» ձայնասփիւռի կայանէն հետեւեցէք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիրին:
———————————————————————————-
«ԱՌԱՔԵԼՈՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ
Լիբանանեան քրիստոնէական «Թելէ Լիւ-միեր» պատկերասփիւռի կայանի «Նուրէլ Մուսիքա» յայտագիրէն «Առաքելոց» երգչախումբը պիտի մեկնաբանէ Աւագ շաբթուան եւ Ս. Յարութեան շարականներու շարք մը` շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
Կրկնութիւնը` կիրակի կէսօրէ ետք:
———————————————————————————-
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրուի մեր սիրելի ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին` վերանորոգուելու համար Ս. Յարութեան խորհուրդով եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
Այնուհետեւ, Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի ՔԱՂԱՔԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ` պատարագի աւարտէն ետք մինչեւ ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք` ժամը 4:00-էն 6:00:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
———————————————————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ` Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ
Աւագ հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011
Ճաշու Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Ոտնլուայ` երեկոյեան ժամը 4:00-ին
Կարգը պիտի կատարէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆՈՐԱՅՐ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Խաւարման գիշեր` երեկոյեան ժամը 7:00-ին
Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011
Կարգ Խաչելութեան` առաւօտեան ժամը 9:00-ին
Կարգ թաղման` երեկոյեան ժամը 4:00-ին
Կարգը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Աւագ շաբաթ, 23 ապրիլ 2011
Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 3:30-ին
Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 5:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ
Աւագ հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱԲՂՅ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդակից դառնալու արարողութեան եւ օրուան պատգամին:
Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹՒՒՆ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ոտնլուայի հոգեպարար
արարողութիւնը պիտի կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ`
Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Աւագ հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին,
Կարգ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ունկնդրելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ
Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 4:30-ին
Յետ եկեղեցական արարողութեան, թաղման հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի` մասնակցութեամբ Քահանայից դասուն, Դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներուն` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին ու զօրանալու մահով Յարութիւն կերտած Քրիստոսի խաչով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Յարութեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ եւ Ս. Յարութեան պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ`
Կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին ժամը 12:00-էն- 13:30 եւ 16:30-էն- 18:30:
Երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, ժամը 11:00-էն- 12:30:
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
———————————————————————————-
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Եկեղեցւոյս թաղականութիւնը կու գայ յայտարարելու, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011-ին, տեղի պիտի ունենան Աւագ հինգշաբթիի արարողութիւնները` հետեւեալ ժամերուն.
Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:00-ին
Կարգ Ս. հաղորդութեան պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:30-ին
Կարգ Ոտնլուայի` երեկոյեան ժամը 3:00-ին
Սոյն արարողութեան պիտի նախագահէ
եւ Ոտնլուայի կարգը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն
Կարգ խաւարման` երեկոյեան ժամը 7:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ սրբազան արարողութեան, հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Կիւրիւնեան ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հօր եւ հարազատին` ԱՆԹՈՒԱՆ ԺՈՐԺ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————————-
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Վահագն եւ Զարմիկ Տէրտէրեան
բախտաւորուած են երկուորեակ զաւակներով`
ԱՐԱ
եւ
ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ
13 ապրիլ, 2011
Պէյրութ
———————————————————————————-
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏՕՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարա- նական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս:
Պատգամաբեր`
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍՎԱՃԵԱՆ
Հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրուի ներկայ ըլլալու սոյն պաշտամունքին` ոգեկոչելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը:
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————————-
Ս. Յարութեան տօնին առիթով` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահը եւ Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց սրահին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:
ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԴԻՒԱՆ
———————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Գործակցութեամբ` շրջանի թաղական
խորհուրդին, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան
եւ «Չաւօ Շանթ» մասնաճիւղերուն
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ
Կը բանախօսէ` ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր
Ասմունք`
ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ-ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Երգ` ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Ռաուտայի «Էհլան» ժողովրդային բնակարաններու դաշտին մէջ:
———————————————————————————-
Հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
Կը ներկայացնէ`
ԷԹՆՕ ՎՈՔԱԼ ԹՐԻՕ
ԱՆՆԱ ՄԱՅԻԼԵԱՆ վոքալ, գեղարուեստական ղեկավար
ԱԼԻՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ վոքալ
ՅԱՍՄԻԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ վոքալ
ԷԼԵՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ դաշնակ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, Քանթարի, Պէյրութ:
Մուտքը` հրաւիրատոմսով
Նախօրօք տոմսերը ապահովել դիմելով`
Հայկազեան համալսարանի նախագահի գրասենեակ (01-739412)
եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի հրատարակչական մարմինի գրասենեակ (01-565628):
———————————————————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Նիւթ`
«ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ ԼԱՒԱՊԷՍ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐԸ»
Դասախօս`
ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԻԿԵԱՆ
Ճաշագիրքերու Հեղինակ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
———————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ճամբորդութեան պատճառով` Անթի- լիաս, Սիւփըր մարքեթ O & C-ի թաղը, 125 քառ. մեթր, 7-րդ յարկ, կահաւորուած, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք: Վերջին գին` 225,000 տոլար: Դիմել` հեռ. 04-525589:
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի վարսատուն մը` Զալքայի շրջանին մէջ, կարիքը ունի «պրաշէօր» եւ «շանփուանիօր» պաշտօնեաներու: Դիմել` հեռ. 03-071844:
———————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Արմենիա պողոտայ` նամակատան կից, երկու փեղկով, 80 քառ. մեթր: Հեռ. 01-259438:
———————————————————————————-
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏԻՆ
Ժաքլին- Քնարիկ Ֆստըգճեանի մահուան առիթով`
Տիկին Սոնա Կիպինեան 100$
Տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Թալին Կիպինեան 100$
Տէր եւ տիկին տոքթ. Տիրան եւ Եսթեր Պեզիրճեան 100$
———————————————————————————-
ՍԱԿԱՐԱՆ
Սուրիական թղթոսկի 31,35 31,60
Քուէյթեան տինար 5440 5460
Յորդանանեան տինար 2125 2145
Պահրէյնեան տինար 3980 4000
Ա. Մ. Էմիրութեանց տիրհամ 0410 0412
Քաթարեան ռիալ 0413 0415
Սէուտական ռիալ 0400 0402
Օմանեան ռիալ 3890 3910
Եգիպտական կինէ 0245 0255
Անգլիական սթերլին 2445 2455
Զուիցերիական ֆրանք 1675 1685
Թրքական լիրա 0970 0980
Ճափոնական եէն 18,15 18,25
Ամերիկեան տոլար 1501 1514
Քանատական տոլար 1555 1565
Աւստրալիական տոլար 1580 1590
Եւրօ 2140 2150
ՈՍԿԻ
Անգլիական մէկ ոսկի 534000 544000
Իրանեան մէկ ոսկի 520000 530000
Օսմանեան մէկ ոսկի 480000 490000
Մեքսիքական փեսոս 2,715,000 2,725,000
Մէկ քիլոկրամ ձոյլ ոսկի 72,000,000 72,200,000
Մէկ օնս ոսկի 1493 1494
Մէկ օնս արծաթ 42,70 42,80
Ամերիկեան տոլարի փոխանակման սակերը.
Եւրօ 1,4210 1,4220
Քանատական տոլար 0,9690 0,9695
Զուիցերիական ֆրանք 0,8980 0,8990
Ճափոնական Եէն 82,45 82,55
Մէկ սթերլին 1,6225 1,6235
Մէկ տոլար 377 դրամ
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



