Wednesday May 22, 2013

Ժամիլ Սէյիտ` Սըմահայի Մեղսակի՞ց

By adminx - Tue Sep 11, 7:31 am

Զօր. Ժամիլ Սէյիտ

Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ երէկ հրապարակեցին լուր մը, որուն շրջագիծին մէջ անոնք շեշտեցին, որ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ ընկերակցած է նախկին նախարար Միշել Սըմահայի`  ականներու փոխադրութեան ընթացքին:

Նոյն աղբիւրները այս տեղեկութիւնները փոխանցեցին Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի:

Լրատուամիջոցներուն սպրդեցուած այս լուրերուն լոյսին տակ Սէյիտ կոչ ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքին զբաղումի չվերածելու Սըմահայի հարցը, եթէ այդ հարցը լուրջ է:

«Իսկ եթէ այդ հարցը դատական իշխանութիւններուն յանձնուած է, ապա այդ իմաստով ոչ մէկ հարց կայ», ըսաւ ան:

Սէյիտ նշեց, որ քաղաքական առեւտուր ու սպրդեցումի փորձեր կան Լիբանանի մէջ եւ անոնք ցոյց կու տան ապահովական կառոյցներուն տգիտութիւնը:

Սէյիտ նկատել տուաւ, որ ինք տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Ուիսամ Հասանի պիտի չյայտնէ, թէ ինք Սըմահայի ինքնաշարժին մէ՞ջ էր, թէ՞ ոչ, այլ այդ տեղեկութիւնը պիտի փոխանցէ դատախազին, եթէ իբրեւ վկայ հարցաքննութեան կանչուի:

Սէյիտ հաստատեց, որ Ուիսամ Հասան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի մօտ օրէն դատավարութեան պիտի ենթարկուին եւ բանտարկութեան պիտի դատապարտուին:

Նշենք, որ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա այսօր պիտի շարունակէ Սըմահայի հարցաքննութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement