Wednesday Jun 19, 2013

Հարիրի Կը Հանդիպի Պոկտանովի Հետ

By adminx - Tue Sep 11, 7:29 am

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Պոկտանով դարձաւ Հարիրիի ընթրիքի հիւրը:

 

Leave a Reply

Advertisement