Tuesday Jun 18, 2013

«Տակաւին Կը Սպասենք Նախարարական Յանձնախումբին` Գիտնալու Համար Մեր Առեւանգուած Զաւկին Ճակատագիրը» Յայտնեց Մահեր Մըքտատ

By adminx - Tue Sep 11, 7:26 am

Մինչ լիբանանեան բանակը Հարաւային արուարձաններուն մէջ կը շարունակէ իր գիշերային ներխուժումները, երէկ յայտնուեցաւ, որ բանակը մինչեւ օրս ներխուժած է 50 բնակարանի վրայ, ուր կ՛ապրին Մըքտատ ընտանիքի անդամներ:

Մըքտատ ընտանիքի պաշտօնական բանբեր Մահեր Մըքտատ երէկ յայտնեց, որ իր դէմ բերման գիր չէ արձակուած:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին հանդարտութեան դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ առեւանգուած թուրք քաղաքացիին մասին խորհրդակցութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, Մըքտատ բացայայտեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացի Այտըն Թեքին կը գտնուի իրենց մօտ` Պեքաայի մէջ:

Մահեր Մըքտատ շեշտեց, որ Թեքինի ազատ արձակումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Մըքտատի ազատ արձակումին հետ:

Մահեր Մըքտատ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ձերբակալած է նաեւ իր եղբայրը` շէյխ Հասան Մըքտատը, որ ատրճանակ գործածել իսկ չի գիտեր:

«Մենք տակաւին կը սպասենք կառավարութեան կազմած նախարարական յանձնախումբին, որ պատասխանատու է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին, այս շրջագիծին մէջ նաեւ մեր հարազատին` Հասսան Մըքտատի ճակատագիրին բացայայտումին», ըսաւ ան:

Leave a Reply

Advertisement