Saturday May 25, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Tue Sep 11, 7:24 am

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կրնայ մուտք գործել լիբանանեան բոլոր շրջանները` աւելցնելով, որ ներկայ կառավարութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին կառավարութիւնն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն երեսփոխանական ընտրութիւններ պէտք չէ կատարել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Նաամթալլա Ապի Նասըր 2008-ին ընտրական օրէնքին փոփոխութեան իմաստով բարեփոխուած տարբերակ առաջարկեցին, որուն հիման վրայ իւրաքանչիւր լիբանանցի իր համայնքի ներկայացուցիչին օգտին կը քուէարկէ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկան երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամի: Նիստին ընթացքին Ասորիներու լիկան ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակցելու լիկայի աշխատանքներուն:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի ընդունեց Թրիփոլիի նաւահանգիստի տնօրէն Ահմետ Թամերը, որուն հետ քննարկեց նաւահանգիստին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստի պաշտօնեաներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Արիտի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Հանրի Հըլուի հետ` քննարկելու համար շրջանին բարգաւաճման վերաբերող հարցեր:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը սպասէ ելեւմուտքի նախարարութեան ուսումնասիրութեան, որ կը վերաբերի աշխատավարձերու յաւելումին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք վարորդը մօտիկ ապագային յանձնուի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի, որպէսզի ան իր կարգին թրքական իշխանութիւններուն հետ բանակցի:

ՍԱՊԹԻԷԻ մէջ ելեկտրական հոսանք բաշխող շարժակի մը պայթումը կը պատճառէ զոհ մը եւ կը վիրաւորէ երեք ուրիշներ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Հաժժար կառավարութեան յղեց հարցում մը, թէ ո՞ւր մնացին անոր խոստումները` լիբանանցիներուն 700 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք տրամադրելու իմաստով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը հպարտանայ ծխելը արգիլող օրէնքին գործադրութեամբ` աւելցնելով, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը անշեղ կը մնայ այդ օրէնքին գործադրութեան առումով իր յանձնառութենէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ լիբանանեան բանակին սանձազերծած արշաւը ուղղակի ոչ մէկ կապ ունի Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա ընդգծեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Շուֆ այցելութիւնը պէտք է շարունակուի այլ քայլերով, ինչպէս նաեւ անցնի գործնական քայլերու: Ան դրուատեց հովուապետական այդ այցելութիւնը, որ դրական ազդեցութիւն ձգած է Շուֆի ընտանիքներուն վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը մատը վէրքին վրայ դրած է` Լեռնալիբանանի գաղթականներու տունդարձին առումով:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ Հըզպալլա սննդեղէն կը բաշխէ սուրիացի գաղթականներուն, յատկապէս անոնց, որոնք Թաամիր Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ հաստատուած են:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը եւ կառավարութենէն պահանջեց Աքքարի բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրել:

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն հսկող հայր Մարուան Թապեթ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է պապին ապահովութեան:

 

Leave a Reply

Advertisement