50 Տարի Առաջ ( 11 Սեպտեմբեր 1962 )
By adminx - Tue Sep 11, 5:31 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
Հայ Կեանք
Իրանի Շարժը
Հայկական Գիւղեր Կործանած Են,
Բազմաթիւ Զոհեր
Ցարդ ստոյգ լուրեր չունէինք Պարսկաստանի աղէտին հայերու ինկած բաժնին մասին: Այսօր ստացանք սեպտեմբեր 5-ի «Ալիք»-ը, որ հետեւեալ կոչը հրատարակած է.
Մեր ստացած ստոյգ տեղեկութիւններից պարզուեց, որ երկրաշարժի աղէտը շատ աւելի մեծ է, քան ենթադրում էինք:
Ստորեւ տալիս ենք Թեմական խորհրդի կողմից ուղարկուած յատուկ տեղեկութիւնների միայն մէկ մասը:
«Այսօր` երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը վեցին, հասանք Ղարազան. հայաբնակ գիւղերը հիմնայատակ կործանուած են: Մի կատարեալ գերեզմանոց: Ամէն կողմ լաց ու շիւան, ունենք բազմաթիւ զոհեր: Այս րոպէին գրիչը ձեռքիս դողում է եւ արցունքները լճացած են աչքերիս մէջ: Այս ողբերգական պատկերի դիմաց իմ անճարակութեան գիտակցութեամբ շշմած եմ. եւ օգնութեան աղաչանքներին խոստումներ եմ տալիս վաղուայ եւ միւս օրուան համար: Մեզ հետ բերած պարէնը եւ իրեղէնները բաժանեցինք: Ծով կարիքի դէմ մեր բերածը մի կաթիլ էր միայն:
«Անյետաձգելի կարիք կայ` վրանների, հացի, շաքարի, թէյի եւ մանաւանդ տաք հագուստների: Ամէն կերպ շտապեցրէք օգնութիւնը»:
ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ. ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Երգչուհի Առաքելեան
Միացեալ Նահանգներու Մէջ
«Հայրենիք»-ի մէջ (7 սեպտեմբեր) կը կարդանք.
Երգչուհի Աստղիկ Առաքելեան Փարիզէն Նիւ Եորք ժամանեց անցեալ շաբաթ օր, մէկուկէս ամսուան արձակուրդով: Նաւահանգիստին մէջ շնորհալի երգչուհին դիմաւորուեցաւ քսանի մօտ բարեկամներէ, որոնց կարգին` Շաւարշ Նարդունի, Յակոբ Խաշմանեան, Արամ Հայկազ, եւ այլն:
Ա. Առաքելեան ծանօթ է յատկապէս ֆրանսահայութեան` իբրեւ տաղանդաւոր երգչուհի մը, որուն հայկական երգերու մեկնաբանութիւնը, մասնաւորաբար, գերազանցապէս տոհմաշունչ է եւ՝ հաղորդական:
Քիչ Մը Պատմութիւն
Մեծն Աղեքսանդրի Ձին
Իր տասնվեց տարեկան հասակին իշխան Աղեքսանդր, որ աւելի ետքը Մեծն Աղեքսանդր անունին տակ պիտի նուաճէր մեծ կայսրութիւն մը, արդէն ի յայտ կը բերէր արտակարգօրէն քաջ ու խիզախ նկարագրի մը բոլոր տուեալները եւ ունէր դատելու եւ վճռելու անսխալական կարողութիւն մը:
Օր մը, երբ իր հօր ներկայութեան Աղեքսանդր ներկայ կ՛ըլլար հանդիսութեան մը, ուր առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուէր Թեսաղոնիկէէն բերուած անզուսպ երիվար մը, զարմանքով տեսաւ, թէ ոչ մէկ ձիավարող կը յաջողէր հեծնել այդ ձին:
Աղեքսանդր ըսաւ հօրը.
- Ինծի յանձնեցէք այս Պուկեֆալը (ձլագլուխ), եւ եթէ յաջողիմ զայն զսպել, ինծի նուիրեցէք:
- Հապա՞ եթէ ձախողիս,- կը պատասխանէ իր թագաւոր հայրը:
- Այն ատեն, կը վճարեմ անոր գինը,- կը պատասխանէ Աղեքսանդր:
Մակեդոնիոյ թագաւորը կը համաձայնի եւ անմիջապէս երիվարը կը յանձնեն իշխանազուն Աղեքսանդրին:
Այս վերջինը իսկոյն կը ցատկէ Պուկեֆալի քամակին: Ձին ահագնադղորդ վրնջիւն մը արձակելէ ետք, երկու ոտքերը վեր բարձրացնելով, բերնէն դուրս կը թափէ սպիտակափրփուր լորձունքը:
Աղեքսանդր, սակայն, կը յաջողի զսպել կատաղած նժոյգը` անոր սանձը պինդ բռնած եւ ձիուն գլուխը դարձուցած դէպի արեւուն կողմը:
Նժոյգը իսկոյն կը գտնէ իր հանդարտութիւնը եւ կը դառնայ հլու-հնազանդ իր ձիաւորին…
Աղեքսանդր միակն էր եղած նշմարելու, որ կենդանին կը խրտչէր իր իսկ շուքէն…
Այս յաջողութենէն խրախուսուած` Աղեքսանդր իր նժոյգով քառասմբակ կ՛արշաւէ, հրապարակին շրջանը քանի մը անգամներ կատարելէ ետք, միշտ սանձին տիրապետող, կը վերադառնայ, վերստին կը մեկնի, միշտ հաստատ եւ շիտակ աշտանակուած անզուսպ կարծուած նժոյգի քամակին, դարձեալ կու գայ իր մեկնակէտին` մինչեւ այն ժամանակ` երբ ձին յոգնած եւ ուժասպառ կանգ կ՛առնէ:
- Զաւակս,- կ՛ըսէ Մակեդոնիոյ թագաւորը ի տես իր զաւկին խիզախութեան, զաւակս, քեզի ուրիշ թագաւորութիւն մը պէտք է: Մակեդոնիան շատ փոքր է քեզի համար…
Այնուհետեւ Աղեքսանդր դարձեալ իր ձիով կը նուաճէ բազմաթիւ այլ երկիրներ. այնպէս որ, ժողովուրդին համար անհերքելի ճշմարտութիւն մը կը դառնայ այլեւս, թէ Աղեքսանդր երբ Պուկեֆալի քամակին անպարտելի է…
Փորէասի նշանաւոր պատերազմին, սակայն, Պուկեֆալ, երբ իր քամակին ունէր Աղեքսանդրը, մահացու կերպով կը վիրաւորուի:
Ազնիւ կենդանին, սակայն, խորհելով իր տիրոջ կեանքին մասին, ամէն ջանք կը թափէ, որ իր անկումի ընթացքին չվիրաւորէ զայն:
Այս դէպքը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ Պղուտարքոս.
«Ինչ ալ եղած ըլլայ, կենդանին սահելով իր ոտքերուն վրայ` կ՛երթայ յուշիկ տարածուիլ գետինը, որպէսզի իր տէրը չվիրաւորուի»:
Մեծն Աղեքսանդր, այդ խիզախ ու յանդուգն պատերազմողը, երեխայի մը նման կու լայ ու կը սգայ Պուկեֆալի մահը:
Աւելի ուշ, աշխարհակալը հիմը կը դնէ Պուկեֆալին քաղաքին` անմահացնելու համար յիշատակը իր նժոյգին:
Քաղեց` ՍԷՇԱՏՐԱ
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



