Thursday Jun 20, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Tue Sep 11, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուժական էք եւ հետեւող` ձեր նպատակին իրագործման: Այսօր լաւագոյն օրերէն մէկն է ձեզի համար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մէկ կողմ դրած ձեր հոգերը, կը հետեւիք կեանքին պահանջին, լաւատեսութեամբ: Յոռետեսութիւնը կը հիւանդացնէ: Շարունակեցէք նոյն ընթացքով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժուժկալ կեանքը առողջութիւն կը պահպանէ: Հետեւեցէք այս իմաստութեան: Շահաւորը դուք էք. օրը` խաղաղ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կեանքին օրէնքը անփոփոխ է: Չէք կրնար ձեր կամքին ենթարկել զայն: Կարեւորը հնազանդիլն է անոր: Մնացէք հաւատարիմ բնութեան հրամանին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ապագան ձեր դիմացն է: Հաւատք ունեցէք ձեր ուժին. ձեր կարողութեան: Այդպիսով կրնաք յաջող օր ունենալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շրջապատուած էք լաւ բարեկամներով, ձեր հարազատները կը մնան ձեր թիկունքին, հետեւաբար ձեր կեանքին ընթացքը ապահով հունի մէջ է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբեմն այնպէս կը զգաք, թէ ոչինչ չի յաջողիր, բայց ապա կը հաստատէք, թէ ամէն հարց իր տեղը գտած է: Մի՛ կասկածիք ձեր ուժին եւ կարողութեան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սիրով յորդուն է օրը: Մնացէք ուրախ եւ երջանիկ: Դրամը ամէն ինչ չէ: Կայ նաեւ սէրը, որ կը վանէ չարիքը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հրաւէր մը ունիք արտասահմանէն: Ձեր պատասխանը դրական պէտք է ըլլայ: Արկածախնդրութիւնը հաճելի է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան: Նախազգուշութիւնը հիմնական արգելքն է անախորժ պատահարներու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
«Դուն քուն, բախտդ արթուն»: Այս համոզումը պիտի ունենաք երբ հանդիպիք անձի մը, որուն երեւումին կը սպասէիք. օրը հիանալի եւ յուսատու նկատեցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օր կայ, որ անվերջանալի կը թուի: Ձանձրոյթը վանեցէք օգտաշատ աշխատանքով: Մի՛ ծուլանաք աւելի լաւ պահեր ակնկալելով:

Leave a Reply

Advertisement