Thursday May 16, 2013

Ըստ Հոլլանտի Հայոց Ցեղասպանութեան Նոր Օրինագիծը Կը Գտնուի Ուսումնասիրման Փուլի Մէջ

By adminx - Mon Sep 10, 7:57 am

«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պատասխանած է Արման Մխիթարեանի, որ նախագահին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծի որդեգրման խոստումին վերաբերեալ հարցում ուղղած էր նախագահին: Հոլլանտ իր նամակին մէջ հաստատած է, որ նոր օրինագիծը կը գտնուի ուսումնասիրման փուլի մէջ:

Ֆրանսայի նախագահի ներկայացուցիչը մանսաւորաբար գրած է. «Ֆրանսուա Հոլլանտ մտադիր է կատարել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին հետ կապուած պարտաւորութիւնը, որ ստանձնած էր նախընտրական արշաւի ժամանակ, եւ ինչպէս վերջերս յիշեցուցած էր Ֆրանսայի հայ համայնքին:

«Ինչպէս ծանօթ է, Սահմանադրական խորհուրդը գտած էր, որ նախորդ օրինագիծը կը հակասէ սահմանադրութեան: Ուստի անհրաժեշտ է այնպիսի լուծում գտնել, որ յիշողութեան պարտքն ու հանրապետութեան օրէնքները պիտի համաձայնեցնէ, որպէսզի անիկա վերոնշեալ կառոյցին կողմէ քննադատութեան չարժանանայ: Կառավարութիւնը այդ աշխատանքին ձեռնամուխ եղած է»:

 

 

Leave a Reply

Advertisement