ՕԹԱՆ-ի Ղեկավարը Գոված Է Յանդուգն Պաքուն» Կը Գրէ «Հիւրրիյէթ»
By adminx - Mon Sep 10, 7:55 am
- 0 Comments
- 281 views
- Tweet
Email
Print
«ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը գոված է յանդուգն Պաքուն» նման վերնագիրով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը անդրադարձած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսենի` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին:
«ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը գոված է քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանի դաշինքին հետ իր անվտանգութեան ոլորտի մէջ աւելի սերտ համագործակցութեան համար` հայ գործընկերը սպաննած ազրպէյճանցի սպային ներում շնորհելու հետեւանքով մեծցած շրջանային լարուածութեան ենթահողին վրայ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»:
Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն ընդգծած է նաեւ, որ Ազրպէյճան «արժէքաւոր գործընկեր է ՕԹԱՆ-ի համար», եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Աֆղանիստանի մէջ դաշնակից ուժերու առաքելութեան Ազրպէյճանի մասնակցութեան համար:
«Սակայն Ալիեւ յանդուգն մնացած է Ռասմուսենի` ազրպէյճանցի սպային ներում շնորհելու առիթով քննադատութեան նկատմամբ», կը գրէ օրաթերթը եւ կը մէջբերէ Ալիեւի պատասխանը. «Հայաստան անարդարացի կերպով աղմուկ կը բարձրացնէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհուելուն շուրջ»:
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ «ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը վերստին մտահոգութիւն արտայայտելով` ըսած է. «2004-ին կատարուածը յանցագործութիւն էր, որ պէտք չէ փառաբանուի, որովհետեւ ատիկա ի վնաս վստահութեան է եւ չի նպաստեր խաղաղութեան հոլովոյթին»: Անդրադառնալով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ լարուածութեան` Ռասմուսեն ըսած է. «Երկու բան յստակ է. առաջինը` ռազմական լուծում չի կրնար ըլլալ: Երկրորդը` միակ ուղին երկխօսութիւնն է, փոխզիջումը եւ համագործակցութիւնը»:
- 0 Comments
- 281 views
- Tweet
Email
Print




