Wednesday May 22, 2013

Հունգարիոյ Ընկերվարականները Կը Պահանջեն Գաղտնազերծել Սաֆարովի Արտայանձնման Մասին Փաստաթուղթերը

By adminx - Mon Sep 10, 7:54 am

PanArmenian.net լրատուական կայքէջը, յղում կատարելով Politics.hu կայքէջին, կը հաղորդէ, որ հունգարական ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը Հունգարիոյ արդարադատութեան նախարարէն կը պահանջէ հասանելի դարձնել այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին Սաֆարովի արտայանձնման:

Կուսակցութեան իրաւաբան Կերկելի Պարանտի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը պիտի օգնէ յստակացնելու, թէ ո՞վ եւ որքանո՞վ մեղաւոր է Սաֆարովի արտայանձնման համար:

«Շատ հաւանական է, որ Հունգարիոյ վարչապետը Սաֆարովի արտայանձնման մասին որոշումը տուած է` յուսալով ստանալ նիւթական շահ», ըսած է ան` հիմնուելով այն հաղորդագրութիւններուն վրայ, որ նման որոշումը կրնայ բխիլ Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի տնտեսական շահերէն:

«Հանրութիւնը քիչ մը աւելիին կարիք ունի, քան պարզապէս ենթադրութիւններու», ըսած է Պարանտի` կոչ ուղղելով հրապարակելու ոչ գաղտնի փաստաթուղթերը եւ հասանելի դարձնելու գաղտնիները:

Ըստ որոշ աղբիւրներու, Սաֆարովի արտայանձնումը իրականացուած է Ազրպէյճանի կողմէ Հունգարիոյ տրամադրուելիք 2-3 միլիոն եւրոյին դիմաց: Հունգարական կողմը կը հերքէ այս լուրը:

 

Leave a Reply

Advertisement