Wednesday Jun 19, 2013

Բանակը Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ Կ՛որդեգրէ Ռուէյսի Մէջ

By adminx - Mon Sep 10, 7:51 am

Ռուէյսի մէջ բանակին գրաւած զինամթերքը

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը առեւանգումներուն վերաբերող թղթածրարին առնչութեամբ իր կատարած հետաքննութիւններուն շրջագիծին մէջ որդեգրած է ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ Ռուէյսի մէջ կատարած է ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ան կատարած է ձերբակալութիւններ եւ գրաւած զէնք ու զինամթերք:

Լիբանանեան բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը քաղաքական պատասխանատու մարմինները տեղեակ պահած է իր քայլերուն մասին:

Մըքտատ ընտանիքին կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն  մէջ նշուեցաւ, որ Մըքտատ ընտանիքը լիբանանեան բանակին հետ հարց չունի, ընդհակառակն` բանակը լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան երաշխիքը կը նկատէ եւ կ՛ողջունէ անոր որդեգրած բոլոր քայլերն ու ապահովական միջոցառումները:

Մըքտատ ընտանիքին հաղորդագրութիւնը քննադատեց այն երեւոյթը, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կ՛արտօնեն Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ բանակին ներխուժումները:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացիին ճակատագիրին` հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Մըքտատ ընտանիքը եւ յատկապէս Մըքտատ ընտանիքի բանբեր Մահեր Մըքտատը առեւանգուածներուն մասին բոլոր տեղեկութիւններէն խզուած են ուրբաթ գիշերուընէ սկսեալ, երբ բանակը սկսած էր իր ներխուժումները կատարել:

Մըքտատ ընտանիքը նշեց, որ ինք յանձնառու է բանակին եւ քաղաքացիական ապահովութեան պահպանումին:

Նշենք, որ բանակը հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեց ահաբեկչական բջիջ մը, որ սուրիացի ընդդիմադիրներու առեւանգում կը կատարէր:

Միւս կողմէ, «Իքրա» միութեան նախագահ շէյխ Պիլալ Տըքմաք հաստատեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներէն մէկը պիտի յանձնուի թրքական կողմին, որ իր կարգին առեւանգեալը պիտի յանձնէ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի:

Leave a Reply

Advertisement