Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութիւնը
By adminx - Mon Sep 10, 7:21 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
Ուրբաթ, 7 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նոր վարչութեան: Հանդիպման ընթացքին նոր վարչութիւնը վեհափառին ներկայացուց յառաջիկայ տարուան իր աշխատանքի ծրագիրը, ուր յատուկ շեշտ կը դրուէր նոր անդամներու անդամակցութեան, ձեռնարկներու կազմակերպման եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կազմակերպման աշխատանքներուն առնչուած ծրագիրներու վրայ:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց ՀԵՀՈՄ-ի կարեւոր դերը հայ համալսարանականները մեր հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ համախմբուած պահելու իմաստով: Ան ըսաւ, որ մեր համալսարանականները պէտք չէ օտար շրջանակներու մէջ մնան. անոնց հարազատ տեղը մեր եկեղեցին է, մեր կառոյցներն են ու ընդհանրապէս մեր համայնքն է:
Յայտնենք, որ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատուն էր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Վեհափառ հայրապետը հայր սուրբը նշանակեց կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ, իսկ ՀԵՀՈՄ-Ի հոգեւոր խորհրդատու նշանակեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանը:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print



