Յայտարարութիւններ ( 8 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Sat Sep 08, 6:52 am
- 0 Comments
- 261 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Լուսին Տէրմէնճեան
Տիար Յովսէփ Տէրմէնճեան եւ զաւակը` Ժան-Փիեռ
Տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Անահիտ Աթեշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Տէրմէնճեան եւ զաւակը
Տիար Գէորգ Կոստանդինեան
Տէր եւ տիկին Անթուան Կոստանդինեան եւ ընտանիք
Տէրմէնճեան եւ Կոստանդինեան ընտանիքներ
Աթէշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՏԷՐՄԷՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Կոստանդինեան)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 7 սեպտեմբեր 2012-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարիամ Մոմճեան եւ զաւակները` Նշան, Լուսի եւ Մարլեն
Տիկին Քլոտ Մոմճեան եւ դուստրը` Սինթիա
Տիկին Վիոլեթ Ժաք Մոմճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժան Յովսէփ Մոմճեան եւ զաւակունք
Մոմճեան ընտանիք
Ապտալլա Մասրի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՄԱՆՈՒԷԼ ՅՈՎՍԷՓ ՄՈՄՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաթի, 5 սեպտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուեցաւ ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի Լատիններու Ս. Անթոնիոս Փատովա եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆանարի Լատիններու գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Մարի Չափրազեան
Տիկին Քնարիկ Չափրազեան եւ զաւակը` Գարեգին
Տէր եւ տիկին Օհան եւ Մարալ Չափրազեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփինէ Չափրազեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Արփինէ Չափրազեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Չափրազեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Շիթիլեան եւ զաւակունք
Չափրազեան եւ Զապունեան ընտանիքներ
Գալլողլեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
Թաշճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԿԻՐԱԿՈՍ ՉԱՓՐԱԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1925-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2012-ին, գիշերուան ժամը 9:30-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եւ կիրակի, 9 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, հանգուցեալին քրոջ բնակարանը, Ամանոս, Մակի Հաժ թաղ, «Քիրիքեան» շէնք, 4-րդ յարկ:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել բարեսիրական հաստատութիւններուն:
————————————————————————————–
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ` ՄՐՈՒԺԻ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք Պոլոնիոյ եւ Մրուժի մեր ազգայիններուն, որ կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Մրուժի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. պատարագին պիտի նախագահէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ս. պատարագի սկիզբ` ժամը 10:00-ին
Երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու օր- ւան սուրբ խորհուրդին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՓԻՆԷ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԿԱՐԱՊԵՏ ՆԱՃԱՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2012-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————————————————————–
ԱՅՆՃԱՐ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
97-ԱՄԵԱԿ
1.- Գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին
Շնորհահանդէս
«Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքին
(Հայաստան հրատարակուած)
Խօսք կ՛առնէ գիրքի հեղինակ,
հայրենի պատմաբան`
ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
* Գեղարուեստական յայտագիր
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
2.- Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, վերոյիշեալ շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Այնճարի մէջ, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:
3.- Հովանաւորութեամբ
Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Նկարչական ցուցահանդէս
ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ
Խօսք կ՛առնէ արուեստագէտ Մկրտիչ Մազմանեան
Բացումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ նաեւ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբերին:
4.- Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին`
Մուսա Լերան տոհմիկ երեկոյ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:
* Գեղարուեստական յայտագիր (թմբուկ, զուռնայ, երգիչներ…)
* Տոհմիկ ուտելիքներ
* Անակնկալներ
5.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին
Մուսա լերան հերոսամարտի 97-ամեակի ժողովըրդային տօնախմբութիւն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012-ի գիշերը ժամը 9:00-էն սկսեալ, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կողքին:
Պատգամախօս`
ՏՈՔԹ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Ելոյթ կ՛ունենան ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը եւ խումբ մը լիբանանահայ երգիչներ` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագախումբին:
6.- Կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` մատաղի պատրաստութիւն, Ս. պատարագ, հոգեհանգիստ, մատաղօրհնէք եւ մատաղի բաշխում
Շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին, Մուսա լերան հերոսներու յուշարձան-համալիրին մէջ
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
————————————————————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՍԿ»
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՄՍԱԹԵՐԹ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՁԱ. տարի 2012 թիւ 5 – 6, մայիս-յունիս 2012
Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս
————————————————————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ
ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնը այսու կու գայ յայտնելու, որ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները, հին ու նոր աշակերտներուն համար, կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, բացի շաբաթ օրերէն: Դիւրացնելու համար վերամուտի աշխատանքները` ծնողներէն կը խնդրուի արձանագրութիւնները կատարել մինչեւ ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2012:
Ծնողներէն կը խնդրենք նկատի ունենալ նաեւ, որ`
1.- Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել իխրաժ քայտ, նախորդ տարուան վիճակացոյցը եւ փոխանցման գիր` վաւերացուած կրթութեան նախարարութենէն (իֆատէ):
2.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
- Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012, նախակրթարան:
- Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012, մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններ:
- Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012, Բողբոջ դասարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2012-2013 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին երկուշաբթիէն ուրբաթ առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:
Վարժարանը ունի մանկամսուրէն ԺԲ. (կենսաբանագիտութիւն-ընկերատնտեսագիտութիւն) դասարաններ:
Փոխադրամիջոց ապահովուած է բոլոր շրջաններուն համար:
Թ. եւ ԺԲ. կարգերու դասաւանդութիւնները կը սկսին 13 սեպտեմբերին: Տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին:
Նորեկ աշակերտները իրենց հետ պէտք է ունենան.
1. Անձնաթուղթի լուսապատճէն:
2. Նախորդ վարժարանէն վաւերացուած փոխանցման գիր:
3. 2 լուսանկար:
4. Նախորդ տարուան վիճակացոյցը:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՇԱՄԼԵԱՆ ԹԱԹԻԿԵԱՆ
Երկրորդական վարժարան
Հիմնուած` 1934-ին, Պուրճ Համուտ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2012-2013
Արձանագրութիւն
Արձանագրութիւնները սկսան երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին եւ կը շարունակուին ամէն օր` երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:00-13:00:
Վերամուտ
Երկ. Գ. կարգի (Պաք. Բ.-ի) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին:
Միջ. Գ. կարգի (Պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին:
Մնացեալ բոլոր կարգերու դասաւանդութիւնները կը սկսին ուրբաթ, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի չորեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
—————————————————————————————
«ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԱՅՆՃԱՐ (08-620453)
2012-2013 Տարեշրջանի
Արձանագրութիւնները
«Անարատ Յղութեան» հայ քոյրերու միաբանութիւնը
ԲԱՑ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ իր Այնճարի վարժարանը, տնօրէնութեամբ քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեանի:
Արձանագրութիւնները կը սկսին 6 սեպտեմբեր 2012-ին` նախկին եւ նոր աշակերտներու համար:
2012-2013 դպրոցական տարեշրջանին վերամուտը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2012-ին:
Մեծ ուրախութեամբ կը սպասենք յատկապէս նախկին սան-սանուհիներու զաւակներուն` զանազան գիտութիւններու եւ լեզուներու կողքին իրենց ջամբելու համար իմացականութիւնն ու սէրը Արարիչին` Աստուծոյ, սէրը` ընկերոջ եւ սէրն ու գիտակցութիւնը` պատկանելիութեան, իբրեւ հայ հրաշք ազգի քրիստոնեայ զաւակ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration-ի մասնագիտութիւն ունեցող օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակի հաս-ցէին.-
kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Frigo services հաստատութիւնը կարիքը ունի համալսարանաւարտ քարտուղարուհիի մը, պայման է, որ տիրապետէ արաբերէնին եւ անգլերէնին, նաեւ համակարգիչ գործածել գիտնայ: Դիմել` հեռ. 03-344256 թիւին:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Սէուտական Արաբիոյ համար հայկական ճաշեր պատրաստող խոհարար մը: Դիմել` հեռ. 76-845285, E-mail:fbcjobs7@gmail.com
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի շէնքեր, դաշտին կից, 4-րդ յարկ, հեռաձայն` 01-252593 կամ 03-481121:
—————————————————————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, «Սանթըր Պլանքօ», 3-րդ յարկ, գրասենեակի կամ գործատեղիի յարմար, 60 քառ. մեթր տարածութեամբ:
Դիմել` հեռ. 03-946146:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հալաթի շրջանին մէջ հաստատութիւն մը կարիքը ունի երիտասարդ հաշւապահուհիի մը:
«Սի. Վի.»-ն ղրկել ֆաքսի: 09-477718 թիւին: Հեռ. 09-477778:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Անթիլիասի շրջանին մէջ հաստատութիւն մը կարիքը ունի վարչական գործի համար իգական սեռի պաշտօնեայի մը:
«Սի. Վի.»-ն ղրկել ֆաքսի 09-477718 թիւին: Հեռ. 09-477778:
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Պուրճ Համուտի հրապարակին կից, 70 քառ. մեթր + 30 քառ. մեթր ձեղնայարկ (թթխիթ) + 95 քառ. մեթր պարտէզ: Գին 750,000$, հեռաձայնել 03-383115 պրն. Արշակին:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Փորձառու կարուհիներ, Զալքայի շրջան: Դիմել` հեռ. 04-715974
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Senior fellowship of Arm. Evangelical Martyr՛s Congregational Church of Havertown (U. S. A.) կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի
ծախսը` 350 ամ. տոլարով:
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 261 views
- Tweet
Email
Print



