Ներկայութեամբ Մեծ Թիւով Հանդիսատեսներու Նախարար Վրէժ Սապունճեան Ազդանշանը Տուաւ Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելիին
By adminx - Sat Sep 08, 5:51 am
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Ժունիէի քաղաքապետարանին առջեւէն ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան ազդանշանը տուաւ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելիին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հովանաւորութեամբ 7-9 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք այս ռելիին սկիզբ տրուեցաւ Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ապա նախարար Սապունճեան, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, տուաւ անոր ազդանշանը:
Ներկայ էին բազմաթիւ անուանի անձնաւորութիւններ, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի եւ ՖԻԱ-ի պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ եւ այս մարզը սիրող եւ անոր նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող համակիրներ եւ մարզասէրներ:
Այս ռելիին մասնակցող 32 ինքնաշարժները պիտի փորձեն եւ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն 836,76 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելիին լաւ արդիւնք արձանագրելէ բացի անկէ անվնաս դուրս գալ:
Կազմակերպիչ ակումբին` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուները յայտնեցին, որ կիրակի, 9 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 18:30-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը, որմէ ետք առաջին երեք դիրքերը գրաւողները պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը:
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print




