Աւօ Էքմեքճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մինի-Ֆութպոլի Մրցաշարք` Ֆանարի Մէջ
By adminx - Sat Sep 08, 5:46 am
- 0 Comments
- 65 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէի ֆութպոլի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէի վարչութեան, տեղի ունեցաւ մինի-ֆութպոլի մրցաշարք մը, Ֆանարի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի դաշտին վրայ, նուիրուած` մասնաճիւղի երկար տարիներու մարզիկ, վարչական եւ մարզական պատասխանատու Աւօ Էքմեքճեանի յիշատակին:
Մրցաշարքին բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2012-ին, Ֆանարի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի դաշտին վրայ` մասնակցութեամբ 10 խումբերու:
Մրցումները, որոնք տեւեցին 15 օր, ստեղծեցին մարզական խանդավառ մթնոլորտ:
Մրցաշարքի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 31 օգոստոս 2012-ին: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի, ՀՄԸՄ Պաուշրիէի վարչութեան, Շրջանայինի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու յանձնախումբի անդամներ, Աւօ Էքմեքճեանի ընտանեկան պարագաները, համակիրներ եւ շրջանի բնակիչներ:
Նախքան աւարտական մրցումին սկիզբը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մահացած ՀՄԸՄ-ական Աւօ Էքմեքճեանին յիշատակը, որմէ ետք մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի վեթերան մարզիկ Յովհաննէս Յուսամեանի (Ճոքի) կողմէ:
Մրցաշարքի ախոյեանութեան տիրացաւ «Սարդարապատ» խումբը, որ յետ երկարաձգումի յաղթեց «Արագած» խումբին` 9-8 արդիւնքով:
Մրցումի աւարտին Աւօ Էքմեքճեանի ընտանիքին կողմէ «սրտի խօսք» փոխանցեց անոր քրոջ զաւակը` Պետիկ Մելիտոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի վարչութեան` այս ձեռնարկի կազմակերպման համար, եւ արտասանեց իր քեռիին յիշատակին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Րաֆֆի Անտոնեան, որ վեր առաւ Աւօ Էքմեքճեանի արժանիքները` յիշելով, որ ան իր ամբողջ կարողութիւնները դրած էր ՀՄԸՄ-ի միջոցով ծառայելու եւ օգտակար դառնալու համար շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Րաֆֆի Անտոնեան յայտնեց, որ նորընտիր վարչութիւնը պատրաստած է արդէն իր ծրագիրը, որ գործադրութեան պիտի դրուի անմիջապէս` աւելցնելով, որ այժմ վերակազմակերպման մէջ են սկաուտական եւ մարզական խումբեր: Ան առիթը յարմար նկատելով կոչ ուղղեց շրջանի բնակիչներուն, իրենց զաւակները վստահելու ՀՄԸՄ-ին, որպէսզի անոնք դառնան հայու տիպար զաւակներ:
Ապա, մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Անտոնեան վարչութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց Աւօ Էքմեքճեանի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ մրցաշարքին բաժակներն ու մետալները տրամադրած Երուանդ Պալեանին:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ մրցանակաբաշխութեամբ:
Երրորդ դիրքը գրաւած Ֆանարի խումբին մարզիկները ստացան յիշատակի մետալներ եւ երրորդ դիրքի բաժակը, ձեռամբ` Երուանդ Պալեանի:
Երկրորդ դիրքը գրաւած «Արագած» խումբին մարզիկները ստացան յիշատակի մետալներ եւ երկրորդ դիրքի բաժակը, ձեռամբ` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանի:
Իսկ առաջին հանդիսացած «Սարդարապատ» խումբին մարզիկները իրենց յիշատակի մետալներն ու մրցաշարքին բաժակը ստացան ՀՄԸՄ Պաուշրիէի մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Անտոնեանի ձեռամբ:
Յատուկ բաժակներ տրուեցան նաեւ Ֆանարի խումբէն երկու մարզիկներու` առաւելագոյն կոլ նշանակող Հայկ Հաճաքեանին եւ լաւագոյն կոլ նշանակող Խաչիկ Թերզեանին:
- 0 Comments
- 65 views
- Tweet
Email
Print






