Sunday May 26, 2013

Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստան Յաղթեց Հոլանտայի Եւ Ոսկի Մետալին Տիրանալու Իր Յոյսերը Շարունակեց Պահել

By adminx - Sat Sep 08, 5:44 am

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականի 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթելով Հոլանտայի իր յոյսերը պահեց բարձր` ոսկի մետալին տիրանալու իմաստով:

Այսօր հանգիստի օր է: Վաղը` կիրակի, Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Հունգարիա, որ ունի 15 կէտ: Հայաստան, որ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, Չինաստանի (առաջին) եւ Ռուսիոյ նման ունի 17 կէտ:

Հայաստանի կատարած երէկուան մրցումին, Լեւոն Արոնեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան յաղթեցին, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան արձանագրեցին հաւասարութիւններ:

Սակայն Հայաստանի աղջիկները 3,5-0,5 արդիւնքով պարտուեցան Ռուսիայէն: Լիլիթ Կալոյեան միակն ըլլալով հաւասարութիւն արձանագրեց:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի խումբերուն, տղաքը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Մալտիւեան կղզիներուն հետ, իսկ աղջիկները 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Պաղեստինեան իշխանութեան:

 

Leave a Reply

Advertisement