Thursday May 23, 2013

Ակնարկ. Երկրորդ Փուլը` Նոյն Մակարդակի Ակնկալութեամբ

By adminx - Sat Sep 08, 7:40 am

Հունգարիա-Ազրպէյճան գործարքին եւ մարդասպան Սաֆարովի ազատութեան մէջ յայտնուելուն ու հերոսացման դիմաց բողոքի աշխարհատարած ալիքը իբրեւ քարոզչաքաղաքական առաջին գործողութիւն կարելի է իրականացուած համարել: Սփիւռքահայութեան համատարած բողոքը, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին Երեւան ժամանումին լիարժէք օգտագործումը ամբողջացուցին բողոքի մարդկային շղթան, որ շրջագծեց Պուտափեշտն ու Պաքուն: Թէեւ ամէնուրեք պատասխանատուութիւններու առումով թէ մեղադրանքներու` թիրախային տարբերութիւնները զգացուեցան ամէնուրեք Պուտափեշտին, ՕԹԱՆ-ին եւ Պաքուին միջեւ:

Բողոքի շղթայի իւրաքանչիւր օղակ միւսին միացաւ շատ հեզասահ, արագ եւ իրար լրացուցիչ հանգամանքով, նկատի ունենալով թէ՛ իրերայաջորդականութիւնը, թէ՛ պահանջները եւ թէ՛ ամբաստանութիւնները: Թրքական մամուլի մէկ ներկայացուցիչը նոյնիսկ չէր պահած իր ապշածութիւնը` նման բողոքի համատարածութեան եւ կազմակերպուածութեան մակարդակին ի տես:

Այս առումով ալ դիպաշարին հետեւողներուն մօտ չվրիպեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայութեան բարձրացուցած բողոքը, որ ըստ ձեւի այլ հարց կ՛արծարծէր, այսուհանդերձ հայութեան համընդհանուր պահանջատիրութեան միանալու եւ բողոքի շղթային օղակներէն մէկը կազմելու յստակ ուղերձ ունէր իր արարքին մէջ: Պոլսոյ մէջ իրաւապաշտպաններ կը մասնակցէին «Նոր զարթօնք» կազմակերպութեան կողմէ նախաձեռնուած բողոքին` ուղղուած Սեւակ Շահինի մարդասպան Քվանչ Աղալօղլուի ազատման դէմ: Թէեւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ եւ տեսութիւններ իրար կը հակասեն`  բացատրելու համար Շահինի մահուան դրդապատճառները, այսուհանդերձ հետեւողին մօտ յստակ համոզում գոյացած է, որ Շահինի սպանութիւնը եւս ցեղային հողի վրայ կատարուած մարդասպանութիւն է. յար եւ նման սպայ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահարման տուն տուող պատճառին: Այստեղ ուրեմն Սաֆարով-Աղալօղլու մարդասպանութեան եւ հայատեացութեան ծինը լաւագոյնս կը բացատրէ թուրք-ազրպէյճանական հակահայ ինքնամղումին անզսպելիութիւնը:

Խնդիրը սակայն այս պարագային «Նոր զարթօնք»-ին կողմէ հայութեան ընդհանուր պահանջատիրութեան իւրայատուկ ձեւով միանալն է, այս օրերուն Պոլսոյ մէջ միեւնոյն ամօթանքին պատին գամելու նաեւ Թուրքիան, որ կը պատրաստուի ազատ արձակել իր մարդասպանը: Իրօք, պոլսահայութեան մօտ նոր զարթօնքի նախադրեալներ կը դրսեւորուին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի բարձրացուցած պահանջատիրութեան պայքարին միանալու ուղղութեամբ:

Քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու ազդանշանը փաստօրէն կը տրուէր հրապարակային ձեւով, երբ ի լուր Սաֆարովի վերաբերող գործարք-հերոսացումին, նախագահ Սարգսեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդակցած է հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` արտերկրի մէջ աշխատանքներ իրականացնելու համար: Փաստօրէն, Հայոց ցեղասպանութենէն եւ արցախեան թղթածրարէն ետք համայն հայութեան դէմ նետուած ազրպէյճանական ձեռնոցը վերցնելու համահայկական ընդառաջումի ալիք կը ձեւաւորուէր շատ արագ եւ շատ կազմակերպ:

Համախմբուածութեան այս փաստը կը յուշէ, որ հակառակորդի ոտնձգութիւններուն, գրգռութիւններուն եւ նման մղումներով կատարուող նախաձեռնութիւններուն դէմ հայկական կողմը համախմբուածութեան եւ մանաւանդ կազմակերպուածութեան նման մակարդակով աշխատելու շատ տեղ ու առիթ ունի:

Իսկ այս հարցին մէջ միայն քարոզչաքաղաքական փուլը չէ, որ իբրեւ իրականանալի առաջադրանք համայն հայութեան օրակարգին վրայ յայտնուած է: Իրաւական հետապնդումներու փուլը` մարդասպանը վերստին ճաղերուն ետեւ տեղաւորելու, Հունգարիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ ազդելու եւ տակաւին պատահարներուն ՕԹԱՆ-ի առնչակցութեան տարողութիւնը ճշդելու, պետութիւններուն դատապարտումներուն բովանդակութիւն ապահովելու եւ պատասխանատուութիւններ վերցնելու աշխատանքը երկարատեւ, տեղ-տեղ հիասթափեցուցիչ, յամենայն դէպս հետեւողականութիւն եւ մանաւանդ քաղաքական պահերու օգտագործումի հմտութիւնը պահանջող հրամայականներ կ՛ենթադրէ:

Քարոզչաքաղաքական փուլը իրականացած է: Իրաւաքաղաքական փուլին համար պարտաւոր ենք ցոյց տալ միեւնոյն համախմբուածութիւնն ու միեւնոյն կազմակերպուածութիւնը:

«Ա»

Leave a Reply

Advertisement