ԵԱՀԿ-ի Դեսպաններուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին «Ալիեւ Կը Փորձարկէ Միջազգային Հանրութեան Արձագանգները» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
By adminx - Sat Sep 08, 7:39 am
- 0 Comments
- 199 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ԵԱՀԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ն շատ կարեւոր կազմակերպութիւն է Հայաստանի համար:
Ան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի սկզբունքները եւ ապահովութեան համապարփակ ընկալումը ամբողջովին համահունչ են Հայաստանի պատկերացումներուն: «Շատ կարեւոր է, որ մենք կառոյցի շրջագիծին մէջ համաձայնեցանք, որ որեւէ երկրի ապահովութիւնը չի կրնար ապահովուիլ այլ երկրի ապահովութեան հաշուոյն», նշեց նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը նշեց, որ Հայաստանը կը կատարէ իր բոլոր յանձնառութիւնները, բայց վերջերս տեղի ունեցած Սաֆարովի իրադարձութիւնը հայկական կողմին կը ստիպէ լրջօրէն մտածել իր որոշ մօտեցումներուն փոփոխութեան մասին:
Ըստ նախագահին, ամէն ինչ սկսաւ, երբ 2007 թուականին Մինսքի խմբակը առաջարկեց Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման իր տարբերակը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Ազրպէյճան կը մերժէր այդ փաստաթուղթը, այնուհետեւ կատարեց յայտարարութիւն մը, որ այդ փաստաթուղթը ընդհանուր առմամբ իրեն համար ընդունելի է, եւ սկսաւ սեփական մեկնաբանութիւններ տալ սկզբունքներուն: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ վստահաբար բոլորը կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան կը փորձէր մեկնաբանել ինքնորոշման իրաւունքը, «հանրաքուէ» հասկացողութիւնը: Այս բոլորէն ետք սկսաւ ներկայացում մը, որ կը ձգտէր զինուորական ճամբով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:
Ըստ նախագահին, մարդասպանը արդարացնելու նպատակը կը կայանայ ոչ թէ անոր մէջ, որ Ալիեւին համար անհրաժեշտ է հեղինակութիւն բարձրացնել իր երկրին մէջ, այլ ասիկա փորձ մըն է փորձարկելու միջազգային հանրութեան արձագանգները Ազրպէյճանի արտառոց քայլերուն: Նախագահը նշեց, որ միջազգային հանրութեան համբերութեան այդ փորձարկումը սկսած է վաղուց, երբ ազրպէյճանցիները տարիներ առաջ սկսան կոպտօրէն խախտել սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագիրով նախատեսուած պարտաւորութիւնները եւ ոեւէ մէկը չարձագանգեց այս կոպիտ խախտումներուն: «Երբ Ալիեւ յայտարարեց, որ իրենց թիւ մէկ թշնամին հայութիւնն է եւ թշնամին պէտք է ոչնչացնել, ոեւէ մէկը չարձագանգեց», նշեց նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի բոլոր զգուշացումներուն եւ բոլոր խնդրանքներուն` ուղղուած համանախագահներուն եւ մնացեալներուն, թէ ասիկա վատ հոլովոյթի մը սկիզբն է, կը տրուէր նոյն պատասխանը` Ալիեւի այդ յայտարարութիւնները նախատեսուած են ներքին սպառման համար: Սակայն, ըստ նախագահին, չի կրնար գոյութիւն ունենալ յայտարարութիւններու այդպիսի խզուածութիւն ներքին եւ արտաքին սպառման համար եւ մարդը չի կրնար մինչեւ օրուան կէսը տարբեր ձեւով մտածել, իսկ երկրորդ կիսուն` այլ ձեւով: Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ այս հանդուրժողականութիւնը տեսնելով Ալիեւ արդէն յայտարարութիւններէն անցաւ գործողութիւններու: Եւ առաջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շրջան այցելեց, եւ ոչ միայն շփման գիծին վրայ, այլեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կազմակերպուեցան քանի մը յարձակումներ: Եւ արձագանգը նորէն թոյլ էր: Հիմա Հայաստան վկայ է այս արտառոց փաստին եւ դժբախտաբար վերջինը չէ ասիկա:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ ինք պատերազմ տեսած է, անձամբ զգացած է իր մաշկին վրայ պատերազմի հետեւանքները եւ վստահ է, որ շրջանին մէջ ապահովութեամբ մտահոգ որեւէ երկիր չի ցանկար պատերազմ տեսնել: Բայց, ըստ նախագահին, ցանկութիւնը քիչ է, գործողութիւնները անհրաժեշտ են:
Հայաստանի նախագահը նշեց, որ վերջերս Հայաստանի մէջ շրջանառութեան դրուեցաւ սեւ երգիծանք մը: «Եւ անոր իմաստը կը կայանայ անոր մէջ, որ միջազգային կազմակերպութիւնը այս իրադարձութիւններէն ետք կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին` իրար չկացինահարել քնացած ժամանակ: Ասիկա տրամադրութիւնը բարձրացնելու կատակ չէ, ասիկա մեր ժողովուրդին վերաբերմունքն է միջազգային այն կառոյցներուն, որոնք կը փորձեն հաւասարութեան նշան դնել զոհին եւ ոճրագործին միջեւ, մեղաւորին եւ անմեղին միջեւ: Ասիկա շատ վատ հանգամանք է: Իմ խնդրանքս է ձեզի, իմ կոչս է ձեզի, որ ձեր կառավարութիւնները եւ մեր կազմակերպութիւնը առարկայօրէն զբաղին այդ խնդիրով», նշեց Հայաստանի նախագահը:
- 0 Comments
- 199 views
- Tweet
Email
Print



