Wednesday Jun 19, 2013

Ռաատ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Յուշագիրը Յարձակողական Է»

By adminx - Sat Sep 08, 7:32 am

Երեսփոխան Ռաատ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ խորհրդարանին մէջ իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի փոխանցուած յուշագիրը յարձակողական է եւ կը խախտէ Թաէֆի համաձայնագիրին տրամադրութիւնները:

Ռաատ նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքը իր կազմութեան օրէն ի վեր միայն Սուրիոյ ուղղութեամբ մտահոգուած է եւ այդ ուղղութեամբ գործած: Ան հաստատեց, որ այդ ուժերը երբեք չեն հետաքրքրուած Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններով:

Ռաատ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին զգուշանալու այդ յուշագիրին նպատակներէն եւ ազգային պատասխանատուութեան ոգիով վարուելու այդ յուշագիրին հետ:

«Ըստ երեւոյթին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մշակած այս յուշագիրին պարտականութիւնը այս հանգրուանին Սուրիոյ դէմ գրգռութիւններու հրահրումն է, ինչպէս նաեւ մեղսակցութիւնը ` Սուրիան եւ սուրիական ազգային միասնականութիւնը, դիրքն ու դերակատարութիւնը հարուածող արարքներուն եւ յարձակումներուն: Աւելի՛ն. այս յուշագիրին նպատակն է ծածկել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մեղսակցութիւնը` Սուրիոյ դէմ գործուած բռնարարքներուն, ըլլան անոնք զինեալներու թափանցում, զէնքի մաքսանենգում, թէ զինեալներու ֆինանսաւորում կամ ապատեղեկատուութեան արշաւ», ըսաւ Ռաատ:

Անդրադառնալով Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումի պահանջին` Ռաատ շեշտեց, որ այդ պահանջը կասկածի տակ կ՛առնէ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ գործնականապէս կը մերժէ լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը` նոյն վայրին մէջ:

«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յուշագիրը Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւն չի ցուցաբերեր, այլ` կ՛օժանդակէ շրջանի պառակտումին եւ բզկտումին նպատակով ի գործ դրուող ամերիկեան քանդումի քաղաքականութեան, որ նաեւ կը փափաքի քանդել Լիբանանը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ յուշագիրով նշեալ ուժերը կը խուսափին Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութենէն:

Ռաատ ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը քաղաքական նպատակներով կ՛ուզեն վերստին բանեցնել Քլէյաաթի օդակայանը` նշելով, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը քաղաքական առումով դէմ չէ այդ օդակայանին վերաբացման:

 

 

Leave a Reply

Advertisement