Դատախազ Ապու Ղայտա Ազատ Արձակեց Քուէյխաթի Միջադէպին Հարցով Ձերբակալուած Սպաները
By adminx - Sat Sep 08, 7:30 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ ազատ արձակեց Քուէյխաթի միջադէպին հարցով ձերբակալուած սպաները:
Ազատ արձակումին անմիջապէս յաջորդեց Պիրէի բնակիչներուն կատարած բողոքի ցոյցը, որ սակայն հակակշիռի տակ առնուեցաւ:
Այս մասին Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը իր նիստերուն ընթացքին նկատի պիտի ունենայ այդ իրականութիւնը:
Այս առումով, Տահեր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի զաւակներուն հետ եւ անոնց հայրը սպաննող սպաներուն ազատ արձակման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեց անոնց հետ:
Միւս կողմէ, Ապու Ղայտա յայտնեց, որ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի հարցաքննութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ երեքշաբթի օր:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



