Thursday May 23, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Sat Sep 08, 7:26 am

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի այցելեց կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզին մէջ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը: Քոնելլի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի հետ` քննարկելու համար երկրին տնտեսական իրավիճակը եւ տնտեսական առումով փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ լիբանանեան դպրոցներէն պահանջեց դիւրացնել սուրիացի աշակերտներուն արձանագրութիւնները` կրթական յաջորդ տարեշրջանին համար, յատկապէս անոնց պարագային, որոնք կորսնցուցած են իրենց փաստաթուղթերը:

ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն մասնակցող միջնորդ մը յայտնեց, որ առեւանգողները մտադիր են ձերբակալեալներէն երկու հոգի ազատ արձակել. ան աւելցուց, որ ուշացումը ուղղակիօրէն կապուած է լիբանանեան ներքին բախումներուն:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Մարուն Զախխուր գնդ. Ուիսամ Ապտել Խալեքը ձերբակալելու բերման գիր մը հրապարակած է` զայն դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումի յանցանքով ամբաստանելով:

ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երկու գաղտնի այցելութիւններ տուած է յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին:

ԱՆՅԱՅՏԱՑԱԾ իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարին առումով Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսիի հարցաքննութիւնը եղած է արդիւնաւէտ, սակայն ոչ վճռական:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ իրենք Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան պահանջած են եւ ոչ թէ բարձր նուիրակ մը:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնց պատճառով սպաննուած է Ֆաթհ շարժումի անդամ պաղեստինցի մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Թեհրանի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին զուգահեռ գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ վարչապետին եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը տակաւին առկայ է եւ անոր հիման վրայ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուած են:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին ընթացքին գծուած է քաղաքական ուղի մը, որուն դիմադրութիւնը շատ դժուար պիտի ըլլայ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն համար:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ողնասիւնն է:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պաշտպանելու Լիբանանի շահերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ձախողութիւնը եւ յետս կը կոչէ լիբանանցիներուն կատարած իր խոստումները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ այս հանգրուանին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը արտակարգ իրադարձութիւն կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Շաթահ այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ յառաջացած է գործողութիւններու յատուկ սենեակ մը, որ կը համադրէ ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան առիթով:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ անձնական հարց մը վերածուած է զինեալ բախումի, որուն պատճառով զոհուած է լիբանանցի քաղաքացի մը` Թահըշ ընտանիքէն:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիէն պահանջած է սերտել Քըլէյաաթի օդակայանը բանեցնելու կարելիութիւնները եւ մէկ ամսուան ընթացքին այդ ուսումնասիրութիւնը ներկայացնել կառավարութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին առաջին արդիւնքը պիտի ըլլայ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական նոր օրինագիծին ձախողեցումը:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու կոչ ուղղեց վերջ տալու Դիմադրութիւնն ու Պաղեստինեան հարցը առեւտուրի առարկայ դարձնելու փորձերուն:

ՍԱՅՏԱՅԻ խորհրդակցական հանդիպումը երէկ նիստ մը գումարեց երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հրաւէրով եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայութեամբ: Հանդիպումը բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքները` զանոնք նկատելով գերիշխան շունչի արտայայտութիւն, որ պահանջուած է բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement