Thursday Jun 20, 2013

«Ռուսիա Պիտի Ընդդիմանայ Ապահովութեան Խորհուրդին Կողմէ Սուրիոյ Մէջ Արտաքին Միջամտութեան Առաջնորդող Որեւէ Փորձի» Ըսաւ Լաւրով

By adminx - Sat Sep 08, 7:21 am

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վստահեցուց, որ իր երկիրը պիտի ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան առաջնորդող որեւէ փորձի` նշելով, որ սուրիական կացութեան կարգաւորումը պէտք է կատարուի անցեալ 30 յունիսին որդեգրուած Ժընեւի հաղորդագրութեան մէջ նշուած կէտերուն կիրարկումով:

Լաւրով չինական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «երբ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պահանջեցինք այս ծրագիրը որդեգրել, մեր միջազգային գործընկերները պատրաստակամութիւն չցուցաբերեցին եւ ըսին, որ անիկա բաւարար չէ, նախ եւ առաջ սուրիական կառավարութիւնը զինուորական գործողութիւնները պէտք է կասեցնէ եւ ծանր զէնքերը քաղաքներէն հեռացնէ` նախքան զինեալ ընդդիմութենէն զինադադար պահանջելը»: Ան ըսաւ, որ այս ծրագիրը իրապաշտ չէ, որովհետեւ իրականութեան մէջ մէկ կողմին անձնատուութիւնը կը նշանակէ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքը կը մեկնի այն սկզբունքէն, որ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնենք տագնապներու վրայ ազդելու միջոցներուն շուրջ, որոնք իրապէս կացութիւնը կը հանդարտեցնեն ու տագնապը դէպի քաղաքական բանակցութիւններ կը մղեն եւ ոչ թէ տագնապին առնչուած կողմերէն մէկուն աջակցութեան կ՛օգտագործուին:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ թրքական կառավարութիւնը արժանի է միջազգային ահաբեկչութեան ցանկին վրայ դրուելու` Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակցելուն ու Սուրիա ներթափանցելով անոր ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործեն ըսելով իր դռներն ու սահմանները ահաբեկիչներու առջեւ բանալուն համար»:

«Թրքական կառավարութեան ձեռքերը սուրիացիներուն արիւնով ներկուած է, իսկ թուրք ժողովուրդը հաշուետուութեան պիտի կանչէ զայն, որովհետեւ մեծ ձախողութիւն կրեց իր քաղաքականութեան մէջ, որ չի ծառայեր իր շահերուն, այլ ձրի ծառայութիւններ կը մատուցէ` գոհացնելու համար Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդին ազատութիւնները կը ճնշէ եւ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի»:

Մըքտատ ըսաւ, որ «թուրք ժողովուրդին մեծամասնութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութեան դէմ է, եւ ան փողոց դուրս կու գայ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելու եւ դատապարտելու համար Սուրիոյ զաւակները սպաննելու Էրտողանի արարքները»:

Ան ընդգծեց, որ «Սուրիա տոկուն պիտի կանգնի Թուրքիոյ կատարած յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ թրքական սահմանը հատող ուահապական ահաբեկչութեան վայրագութեան դէմ»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ «Արաբական գարունն ու նոր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը` իսլամական եւ քրիստոնէական տեսակէտներ» միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը իր քաղաքացիները կը սպաննէ եւ Քարպալայի դէպքերը Սուրիոյ մէջ կը վերանորոգուին»` կոչ ուղղելով «փոխանցման հանգրուանին մէջ իմաստուն վարչակազմ մը» կազմելու:

Էրտողան դատապարտեց Սուրիոյ մէջ յարանուանական ինքնութեան հիմամբ սպանութիւնները` նշելով, որ «երկնային երեք կրօնները սպանութիւնը կ՛արգիլեն»: Ան նաեւ նշեց, որ «սուրիական վարչակարգը անիրաւ վարչակարգ մըն է, որ ծանր զէնքերով կը սպաննէ իր ժողովուրդը»:

Մինչ այդ, դիւանագիտական աղբիւրներ «Պաուապաթ Ահրամ»-ին յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ Սուրիոյ զարգացումներուն հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:

Դիւանագիտական աղբիւրները նշած են, որ Տաւութօղլու Էշթընի խնդրանքին ընդառաջելով Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն եւ յաւելեալ գաղթականներու Թուրքիա ապաստանելուն նախատեսութեանց շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցած է:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի Ռուքնէտտին թաղամասին մէջ գտնուող Ռուքնիյէ մզկիթին առջեւ ականուած մոթորսիքլեթ մը պայթեցաւ` ուրբաթ օրուան նամազին մասնակիցներու շարքին պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

 

Leave a Reply

Advertisement